Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ իր ակումբը լքելով միացաւ Պարսելոնային:
Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը արժեց 20 միլիոն եւրօ:
Վիտալ, որ երեք տարուան համաձայնութեամբ մը միացաւ իր նոր կազմին, անցնող քանի մը օրերուն ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու:
Նախքան այս փոխանցումը, կը կարծուէր, որ ան պիտի տեղափոխուի «Քալչիօ», բայց անոր գործակատարը` Ֆեռնանտօ Ֆելիսեւիչ, աշխատեցաւ, որ ան միանայ քաթալոնական ակումբին: