Նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին, լիբանանեան պասքեթպոլի քանի մը կազմեր իրենց միացուցին նորեկ մարզիկներ, որոնք ելոյթ պիտի ունենան տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին:
ՀՄԸՄ-ի կազմին միացան Էլի Ռըսթոմ եւ Նէյթ Ռոպինսըն:
Իսկ Պէյրութ իր կազմին միացուց երեք մարզիկներ, որոնք են` Չարլզ Թապեթ, Քայլ Հանթ եւ Թերել Սթոկլին:
Նախորդ շաբաթ Շանվիլի միացան Ալի Մըզհեր եւ Նետիմ Սուէյտ: