Լիբանանեան Ա. դասակարգի Անսար ֆութպոլի ակումբի նախագահ Նեպիլ Պատըր անակնկալ որոշում մը տալով յայտարարեց, թէ կը լքէ իր պաշտօնը եւ ակումբը կը դնէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տրամադրութեան տակ:
Ան յայտնեց, որ պիտի չհեռանայ լիբանանեան ֆութպոլէն` նկատի ունենալով, որ ան գնեց Շապապ Արապիի արտօնագիրը` ստանձնելով անոր նախագահի պաշտօնը:
Շապապ Արապի մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:



