Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Ֆրանսայի գերբաժակակիր:
Ֆրանսայի գործող ախոյեանը ատիկա իրագործեց յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով, երբ Չինաստանի մէջ կատարուած այս մրցումին 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մոնաքոն:
41 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Անխել Տի Մարիա յաջողեցաւ նշանակել առաջին եւ չորրորդ կոլերը (32-րդ եւ 92-րդ):
Պրազիլցի Նէյմար դաշտ ներկայացաւ 75-րդ վայրկեանին, մինչ մայրաքաղաքի կազմին բերդը պաշտպանողը եղաւ իտալացի Ճիանլուիճի Պիւֆոն: