Մարզական

Պարսելոնայի Առաջին Պաշտօնական Մրցումը` 12 Օգոստոսին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 12 oգոստոսին, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով ճակատի Սեւիլլայի դէմ: Կարգ մը ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Լուիս Սուարեզ, Իվան Ռաքիթիչ, Քութինիօ եւ ուրիշներ, նախանցեալ օր միացան իրենց խմբակիցներուն եւ սկսան իրենց փորձերուն` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի Մոնտիալին մասնակցած ըլլալնուն շնորհիւ: Անոնք միացան Լիոնել Մեսսիի, Ժերար Փիքէի, Սերճիօ Պուսքեթցին...

Կարեւոր Նուաճում Մը` Լիբանանահայութեան Համար. Նարեկ Փանոսեան Բարձրացաւ Եւրոպայի Ամէնէն Բարձր Գագաթը

Կիրակի, 29 յուլիս 2018-ին, լիբանանահայութեան համար կարեւոր նուաճում մը կատարեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աւարտական կարգի աշակերտներէն, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մաս կազմող Նարեկ Փանոսեան, որ բարձրացաւ Եւրոպայի ամէնէն բարձր լերան գագաթը` հոն պարզելով հայկական եռագոյնը եւ Լիբանանի դրօշակը: Բնականաբար, Ռուսիոյ մէջ գտնուող Էլպրուսի գագաթը (5642 մեթր), որ Եւրոպայի ամէնէն բարձր գագաթն է, նուաճած են շատ-շատեր, բայց Փանոսեան հանդիսացաւ այդ գագաթը նուաճած...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Չինաստանէն` 100-52 Արդիւնքով

Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Չինաստանէն, 100-52 արդիւնքով (23-9, 54-20, 82-29 եւ 100-52): Ինչպէս նկատելի դարձաւ մրցումը եղաւ միակողմանի, անոր տիրապետեցին չինացիները: Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, Լիբանանի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր` երեքշաբթի, 7 օգոստոսին, ժամը 11:30-ին (Պէյրութի...

Հեծելարշաւի Մրցում Հովանաւորութեամբ Տհուր Շուէյրի Քաղաքապետութեան. Էլիաս Ապու Ռաշիտ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաջորդաբար Հինգերորդ Տարին Ըլլալով

Կազմակերպութեամբ ու հովանաւորութեամբ Տհուր Շուէյրի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ լեռնային հեծելարշաւի մրցում մը, Տհուր Շուէյրի մէջ` մասնակցութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին անդամակցած եօթը միութիւններու հեծելանւորդներուն: Յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով տիտղոսին տիրացաւ Էլիաս Ապու Ռաշիտ («Պայք Լիպանոն»)` արձանագրելով 1 ժամ 32'30" արդիւնք մը (5 շրջան): Երկրորդ հանդիսացաւ Էմիլ Տաու (Շեպիպեթ Սալաաթա, 1 ժամ 38'35''), իսկ երրորդ`...

Թեքուանտօ. Ալեքսիա Աւագեան Տիրացաւ Երկու Ոսկի Մետալի

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Փումսէի ախոյեանութիւնը (ցուցադրական ելոյթ)` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին շարք մը ակումբներ: Սեւ գօտիի աղջկանց 15-17 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, Ալեքսիա Աւագեան (Շանվիլ ակումբ), բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով տիրացաւ ոսկի մետալին: Նոյն դասակարգին մէջ, սակայն զոյգի մրցումներուն, ան տիրացաւ այլ ոսկի մետալի...

Սուսերամարտ. Լիբանան Տիրացաւ 8 Մետալի` Արաբական Կրտսերներու Ախոյեանութեան Առաջին Օրը

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող արաբական ակումբներու կրտսերներու սուսերամարտի ախոյեանութեան (11, 13 եւ 15 տարեկանէն վար) առաջին օրը, Լիբանանի ազգային խումբը, յաջողեցաւ տիրանալ 8 մետալի: Լիբանանցի մարզիկները ձեռք ձգեցին 2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ: Յորդանան մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է Զիատ Ապու Արրաժ, իսկ մարզիչը` Ռուպա Հաժ:  

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Ազատ Ոճի Երիտասարդական Հաւաքականը Ունեցաւ Եւրոպայի 3 Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազատ Ոճի Երիտասարդական Հաւաքականը Ունեցաւ Եւրոպայի 3 Ախոյեան

Իտալիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի ըմբշամարտի ազատ ոճի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը աւարտելով իր ելոյթները ունեցաւ 3 ախոյեան, մինչ 2 պարոնզ մետալներւ տիրացաւ հայրենի պատուիրակութիւնը, որ այս մրցումներուն մասնակցեցաւ 8 մարզիկով: Խմբային վերջնական դասաւորման մէջ Հայաստան գրաւեց երրորդ դիրքը` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ետին: Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցան Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վազգէն Թեւանեան (61 քկ), եւ Յովհաննէս Մազաքեան (125 քկ), մինչ պրոնզէ...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Փիւնիկ-Մաքապի Թել Աւիւ Երթի Մրցումը

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 7 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ Փիւնիկ-Մաքապի Թել Աւիւ ճակատումը` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական դաշտին վրայ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայկական ակումբը յայտարարեց, որ աջակցելու համար խումբին եւ ըլլալու համար անոր 12-րդ մարզիկը, բոլորէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի` Գերբաժակակիր

Մանչեսթըր Սիթի իր պատմութեան մէջ 5-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Անգլիոյ գերբաժակակիր, երբ յաջողեցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Չելսիի դէմ: Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ կերտեց Սիթիի յաղթանակը` նշանակելով մրցումին 2 կոլերը (12-րդ եւ 58-րդ): Այսպիսով, 30 տարեկան Ակուերօ հանդիսացաւ Մանչեսթըր Սիթիի մաս կազմող առաջին մարզիկը, որ իր նշանակած երկու կոլերով...

Փորթուգալական Ֆութպոլ. Փորթօ Գերբաժակակիր` 21-րդ Անգամն Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փորթուգալի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը, որ իրարու դէմ հանեց երկրի ախոյեան Փորթոն եւ բաժակակիր Ռիօ Աւեշը, աւարտեցաւ Փորթոյի յաղթանակով, որ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, Փորթօ յաջողեցաւ 21-րդ անգամն ըլլալով բարձրացնել այս մրցաշարքին տիտղոսը:

Լողարշաւ. Ռուս Քոլեսնիքով Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի լողարշաւի ախոյեանութեան, ռուս Քլիմենթ Քոլեսնիքով կռնակի 50 մեթրի լողարշաւի մրցումներուն հաստատեց աշխարհի նոր մրցանիշ մը: 18 տարեկան մարզիկը արձանագրեց 24" արդիւնք մը: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր անգլիացի Լիամ Թենքոքի, որ 9 տարի առաջ արձանագրած էր 24"04 արդիւնք մը: Քոլեսնիքովի ետին Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացաւ ռումանացի Ռոպերթ-Անտրէյ Կլինթա (24"55) մինչ պրոնզէ մետալին տիրացաւ իրլանտացի Շէյն Ռայըն...

Մարիօ Կոմեզ Լքեց Միջազգային Ասպարէզը

Գերմանական Շթութկարթ ֆութպոլի ակումբի յառաջապահ Մարիօ Կոմեզ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը: 2007-էն ի վեր Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած 33 տարեկան Կոմեզ ազգային խումբին հետ կատարեց 78 միջազգային մրցում` նշանակելով 31 կոլ: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ամրան ընթացքին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի Մոնտիալին:

Մարզական Լրագրողները Ընտրեցին Գերմանիոյ Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը Եւ Մարզիչը

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս գերմանացի մարզական լրագրողներու միութեան քուէարկութեամբ ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այս քուէարկութիւնը կը կատարուի ամէն տարի` «Քիքըր» պարբերաթերթին կողմէ: 28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախորդ տարեշրջաններուն Ռէալ Մատրիտի հետ յաջորդաբար երեք անգամ տիրացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, առաջին անգամն է, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան յաջողեցաւ ապահովել 185 ձայն: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ֆրայպուրկի յառաջապահ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան-Ֆիլիփեան Կղզիներ 53-75

Մասնակցութեամբ 16 երկիրներու ազգային խումբերուն, նախորդ շաբաթավերջին Թայլանտի մէջ սկսաւ Ասիոյ 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը Ֆիլիփեան կղզիներէն կրեց 75-53 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը (25-15, 41-33, 59-41 եւ 75-53): Լիբանան այսօր ժամը 11:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) այլ դժուար մրցում մը ունի կատարելիք Չինաստանի մէջ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սերպ Պոնիաք Նշանակուեցաւ Նըժմէի Մարզիչ

Լիբանանեան ֆութպոլին մէջ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբը` Նըժմէ, պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 2018-2019 տարեշրջանին խումբին մարզիչը պիտի ըլլայ սերպ Պորիս Պոնիաք (1954-ի ծնունդ): Ան եղած է մարզիչը Ծոցի շրջանի շարք մը խումբերու, որոնց կարգին` Քուէյթի ֆութպոլի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Օմանի կարգ մը ակումբներու:    

Ֆութսալ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Կեդրոնական Դրամատան Խումբը Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը արդէն իսկ կտրած է իր կէս ճամբան` նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցող խումբերը արդէն իսկ ապահոված են քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Անոնց կարգին եղաւ նաեւ Լիբանանի ներկայացուցիչը, ախոյեան Կեդրոնական դրամատան խումբը, որ իր կատարած վերջին մրցումին 11-2 արդիւնքով յաղթեց Տաճիկիստանի ներկայացուցիչ ՍԻՓԱՐ խումբին: Քառորդ աւարտականին, Կեդրոնական դրամատան կազմը այսօր` երկուշաբթի 6 օգոստոսի առաւօտեան...

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Հանդիսացաւ Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեան

Հայաստանը ներկայացնող Վազգէն Թեւանեան երէկ հանդիսացաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան: Արդարեւ, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան 61 քկ դասակարգի աւարտականին, հայրենի ըմբիշը 5-2 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ինթիհամ Վալիզատային: Թեւանեան աւարտական իր տոմսը ապահովեց արձանագրելով երկու տպաւորիչ յաղթանակներ` 7-1 եւ 12-0 արդիւնքով:

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան` Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան հռչակուեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան: Արդարեւ, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան 57 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին հայ ըմբիշը մրցեցաւ ուքրանացի Անտրէյ Ճելեպի դէմ եւ յաղթեց 11-6 արդիւնքով: Ան կիսաւարտականին 10-0 արդիւնքով յաղթեց հունգարացի Ռայմոնտ Ֆարկասի: Հայրենի կազմը այդ մետալէն ետք ապահովեց նաեւ երկու այլ մետալներ: Պրոնզէ մետալի...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ-Արմենիա Յաղթանակով Սկսաւ 2018-2019 Տարեշրջանը

Նախորդ տարեշրջանին ազդանշանը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 27-րդ ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 9 խումբեր: Բանանց Երեւան իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շիրակ Գիւմրիի հետ, մինչ Արարատ-Արմենիա Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ 2-0 արդիւնքով իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց Լոռիի դէմ: Տարեշրջանի առաջին կոլը նշանակեց պուլկարացի յառաջապահ Իվայլօ Տմիթրով (67-րդ), մինչ երկրորդ կոլը...

«Ֆորմիւլա – 1». Տանիել Ռիքիարտօ Պիտի Հեռանայ «Ռետ-Պուլ»-էն

Աւստրալիացի վարորդ Տանիել Ռիքիարտօ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ «Ֆորմիւլա-1-ի «Ռետ-Պուլ» խումբէն, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը: 29 տարեկան վարորդը, որ 2014-էն ի վեր հանդէս կու գայ «Ռետ-Պուլ»-ի հետ, անոր հետ արձանագրած է 7 յաղթանակ: «Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, ան դժգոհ է իր կազմէն եւ կ՛ուզէ հեռանալ, որովհետեւ Մաքս Վերսթափեն նկատի կ՛առնուի իբրեւ առաջին վարորդ: Նշուեցաւ, որ ան շատ հաւանաբար իր արհեստավարժ...

Page 807 of 1278 1 … 806 807 808 … 1,278

Արխիւներ