Փիւնիկ Երեւանէն ետք Ալաշկերտ դարձաւ հայկական ֆութպոլի պատմութեան մէջ երկրորդ ակումբը, որ կը հասնի եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքի մը Գ. հանգրուանին:
«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումին, թէեւ Ալաշկերտ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մոնթենեկրոյի ախոյեան Սութիեսքայի հետ, սակայն ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին անոր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Հայկական ակումբը Գ. հանգրուանին կը մրցի Ռումանիոյ ախոյեան Քլուժի դէմ: Նշենք, որ ռումանական կազմը եւս դուրս մնալէ ետք «Չեմփիընզ լիկ»-էն, կը մասնակցի «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին:
Անոնց միջեւ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին` Երեւանի մէջ, իսկ դարձի մրցումը ճիշդ շաբաթ մը ետք` Ռումանիոյ մէջ: