Մարզական

Հինգշաբթի, 23 Օգոստոսին Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը

21-23 օգոստոսին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) կը կազմակերպէ Պէյրութի թեքուանտոյի բաց ախոյեանութիւնը, որ առաջին հանգրուանն է Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի ամառնային խաղերուն տոմս մը ապահովելու առումով: Տեղի պիտի ունենան 2001-2003, 2004-2006 եւ 2007-2009 դասակարգերու տղոց եւ աղջկանց տարիքային մրցումներ: Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ կարեւոր գիտելիքներ հաղորդելու նպատակով, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը հինգշաբթի, 23 օգոստոսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին,...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Ժորժ Զիատէ Տիրացաւ 4×4-ի Ա. Հանգրուանի Մրցումի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, տեղի ունեցաւ Քրիթորիում Լիբանանի 4x4-ի 32-րդ մրցումը, որ կ՛իյնայ «Էհտենիյյեթ-2018»-ի ամառնային փառատօնին ծիրին մէջ: Լիբանանի 4x4-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը տեղի ունեցաւ Էհտենի մէջ` մասնակցութեամբ բազմաթիւ լիբանանցի վարորդներու: Առաջին հանդիսացաւ Ժորժ Զիատէ, որ իր ինքնաշարժին` «Ճիփ Շիրոքքի»-ի հետ արձանագրեց 6' 31" 28 արդիւնք մը: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի, Զղարթա-Էհտենի եւ Զղարթայի քաղաքապետներուն...

Լիբանանի Քոնկ Ֆու- Ուու Շուի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ճաքարթա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիական 18-րդ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան ճաքարթայի մէջ (Ինտոնեզիա), լիբանանեան այլ պատուիրակութիւններու նման Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը եւս մեկնեցաւ այդտեղ: Այս խաղերուն Լիբանան այս մարզաձեւին մէջ պիտի ունենայ մէկ ներկայացուցիչ միայն` Էլի Պու Ժըպրայել (75 քկ): Անոր հետ պիտի ըլլայ նաեւ մարզիչ Էլիաս Ռայես: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թամմամ Ժարուտի Յետս Կոչեց Իր Հրաժարականը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամներէն Թամմամ Ժարուտի, որ ամիսներ առաջ ներկայացուցած էր իր հրաժարականը, երէկ ֆետերասիոնին յղած իր նամակին մէջ ըսաւ, թէ յետս կը կոչէ իր հրաժարականը: Այդ նամակին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Նկատի ունենալով, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նոր վերածնունդ մը ունեցաւ Աքրամ Հալապիի նախագահ ընտրութեամբ, կու գամ յայտնելու, որ կ՛ուզեմ վերադառնալ ֆետերասիոն` դարձեալ միասնաբար աշխատելու իրբեւ մէկ խումբ, ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս Պիտի Հետեւի Լուէյզիի, Անդրանիկի Եւ Անթունիէի Օրինակին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս Պիտի Հետեւի Լուէյզիի, Անդրանիկի Եւ Անթունիէի Օրինակին

Այնպէս կը թուի, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի խումբերէն Պիպլոս իր կարգին պիտի հետեւի Լուէյզիի, Անդրանիկի ու Անթունիէի օրինակին եւ պիտի քաշուի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութենէն: Նշուեցաւ, որ Պիպլոսի պատասխանատուները Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն ստացած են նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Պիպլոս իր կազմին չի կրնար միացնել ոեւէ մարզիկ, ըլլայ տեղացի թէ օտար: ՖԻՊԱ-ն Պիպլոսին կ՛արգիլէ իր կազմին մէջ նոր...

Պասել Ժրատի Միացաւ Հայթուկ Սփլիթի

Պասել Ժրատի Միացաւ Հայթուկ Սփլիթի

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Պասել Ժրատի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Խրուաթիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ա. դասակարգի կազմերէն Հայթուկ Սփլիթի հետ: Անոր նախկին ակումբն էր Շթրումկոթց (Նորվեկիա): Ժրատի շուրջ երկու տարիէ ի վեր հեռու է ազգային խումբէն` նկատի ունենալով, որ ան որոշ տարակարծութիւններ եւ կարգ մը հարցեր ունեցաւ մոնթենեկրոցի մարզիչ...

«Եւրոպայի Լիկա». Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչներն Ալ Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

Երէկ, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումները անյաջող եղան Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներուն համար` նկատի ունենալով, որ Ալաշկերտ եւ Փիւնիկ իրենց դաշտերէն դուրս պարտութիւններ կրելով, դուրս մնացին մրցաշարքէն: Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ, որ Ռումանիոյ մէջ հիւրը եղաւ Քլիւժի, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Նշենք, որ Գ. հանգրուանին հայկական կազմը ոչ մէկ կոլ նշանակեց` նկատի ունենալով,...

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Հաւաքականին Դիրքը Մնաց Անփոփոխ

Ֆրանսա` Աշխարհի Նոր Յառաջատար ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը, որուն մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դիրքը մնաց անփոփոխ` 100-րդ: Նախկին դասաւորումին հրապարակումէն ետք, հայրենի կազմը, որ որեւէ մրցում չկատարեց, իր տրամադրութեան տակ ունի 1227 վարկանշային կէտ: Աշխարհի նոր յառաջատարը դարձաւ աշխարհի նորընծայ ախոյեան Ֆրանսա, որ 6 դիրքի ոստում մը արձանագրելով գրաւեց առաջին դիրքը: Անոր կը...

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտուեցաւ Մոլտովայէն (1-0)

Չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին, Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեսի մէջ Մոլտովայի եւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականներուն միջեւ բարեկամական մրցում մը տեղի ունեցաւ: Դաշտին տէրը յաղթեց 1-0 արդիւնքով, երբ մրցումին վերջին վայրկեաններուն փենալթիով նշանակեց իր կոլը: Մրցումին աւարտէն առաջ, Հայաստանի միջնապահ Յակոբ Յակոբեան կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Հոլանտական Ֆութպոլ. Ուիլեմ-Բ. Պաշտօնապէս Ներկայացուց Արազ Օզպիլիսը

Ինչպէս նախապէս հաղորդեցինք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ հոլանտական Ուիլեմ Բ.-ի հետ: Սակայն ան փոխ տրուեցաւ Ուիլեմ Բ.-ին` նկատի ունենալով, որ անոր փոխանցման իրաւունքները կը պատկանին թրքական Պեշիքթաշին: Պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, հոլանտական ակումբը պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր մարզիկը, որ նախապէս ելոյթ ունեցած է Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, երբ մաս կազմած է...

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Աթլեթիքօ Մատրիտ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաղթելէ Ետք Ռէալ Մատրիտին (4-2)

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի ճակատումը, որ եղաւ զուտ սպանական, իրարու դէմ հանեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսին տիրացած Ռէալ Մատրիտը եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի տիտղոսակիր Աթլեթիքօ Մատրիտը: Մրցումը աւարտեցաւ Աթլեթիքոյի յաղթանակով: Վերջինս երկարաձգումէն ետք (90 վայրկեանները` 2-2 հաւասար) յաղթեց Ռէալին` 4-2 արդիւնքով: Աթլեթիքոյի կոլերը նշանակեցին Տիեկօ Քոսթա (առաջին եւ 79-րդ), Սաուլ Նիկուես (99-րդ) եւ Քոքէ (104-րդ), մինչ Ռէալի...

Միքայէլ Շումախըր Զուիցերիայէն Պիտի Տեղափոխուի Սպանիա

7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըր ցարդ բուժումի կ՛ենթարկուի` գլուխէն իր ստացած վնասուածքին ետք: Նշուեցաւ, որ ան Զուիցերիայէն պիտի տեղափոխուի Սպանիա` այդտեղ իր բուժումը շարունակելու համար: Անոր կինը արդէն իսկ Մայորքայի մէջ գնած է ապարանք մը, որ անցեալին կը պատկանէր Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսին: Այդ ապարանքին համար Շումախըրի ընտանիքը վճարած է 30 միլիոն եւրօ: Յիշեցնենք,...

Արժանթինեան Դեսպանատան Խորհրդատուն Այցելեց Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Կեդրոնատեղի

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ արժանթինեան դեսպանատան խորհրդատու Մարչելլօ Ռեզոնիքա յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Պաապտայի մէջ գտնուող ողիմպիական կոմիտէի նստավայր: Ռեզոնիքա դիմաւորուեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Ժորժ Զէյտանի, ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմի, ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի եւ մարզական լրագրող Հասսան Մուհիէտտինի կողմէ: Այս հանդիպումին արծարծուեցաւ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) տեղի ունենալիք երիտասարդներու ամառնային երրորդ...

Սեւակ Տեմիրճեան Եւ Սարին Ճըղըլեան Բարձրացան Արարատ Լեռը

Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներէն Սեւակ Տեմիրճեան եւ իր կինը` Սարին Ճըղըլեան վերջերս յաջողեցան կարեւոր նուաճում մը կատարել, երբ ամէն ճիգ ի գործ դնելով յաջողեցան բարձրանալ Արարատ լեռը` այդտեղ պարզելով Հայկազեան համալսարանի դրօշը: Գնահատելի է Տեմիրճեան ամոլին այս քայլը` Արարատ լեռը նուաճելու առումով, մանաւանդ որ այս առաքելութիւնը այդքան ալ դիւրին չէ եւ կ՛ընդգրկէ բաւական մեծ դժուարութիւններ եւ վտանգներ: Սեւակ Տեմիրճեան Հայկազեան համալսարանի...

Պասքեթպոլ. Անն-Մարի Ապտելքարիմի Յիշատակին Նուիրուած 7-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Կազմակերպութեամբ Հուփս Պէյրութ ակումբին, գործակցութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Անն-Մարի Ապտելքարիմի յիշատակին նուիրուած աղջկանց տարիքային 7-րդ մրցաշարքը: Տեղի ունեցան 2000-2001, 2002-2003, 2004-2005, 2006-2007 եւ 2008-2009 դասակարգի մրցումները: Մրցաշարքին մասնակցեցան հետեւեալ խումբերը. Ռիատի Պէյրութ, Հուփս Պէյրութ, Հուփս - Մեթն, Սքուատրա, Թաատոտ Պէյրութ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Էներժի Զուք, Պրէյնըրզ եւ պասքեթպոլի ակադեմիա: Աւարտականի մրցումներուն եւ մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցան...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Ֆահըս Եւ Ազար` Լիբանանի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութիւնը (18 տարեկանէն վար): Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Ղալեպ Ֆահըս (Ղատիր Ժըպշիթ), որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր խմբակից Հասան Շըպիպը: Երրորդ դիրքը գրաւեցին Ալեքս Տարազի (Անդրանիկ Անթիլիաս) եւ Մոհամետ Մանթաշ (Ղատիր Ժըպշիթ): Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, տիտղոսը իր մօտ պահեց Լեթիսիա...

Ձիավարութիւն. 109 Մարզիկներ Մասնակցեցան Ֆաքրա Ակումբի Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ Ֆաքրա ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձիավարութեան արգելարշաւի մրցումը` մասնակցութեամբ 109 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած տարբեր ակումբներ: Այս մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան եւ մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ, Տըպպայէ Քաունթրի Քլապ ակումբի նախագահ Ժորժ Ապպուտ, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, այս մարզով հետաքրքրուած համակիրներ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Լուէյզի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ախոյեանութենէն Քաշուող Ակումբները Տուգանքի՞ Պիտի Ենթարկուին…

Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութենէն քաշուած կամ քաշուելիք ակումբները շատ հաւանաբար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ տուգանքի ենթարկուին` իբրեւ հատուցում լիբանանեան պասքեթպոլին իրենց հասցուցած վնասին: Եթէ այս լուրը պաշտօնապէս հաստատուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, Լուէյզի, Անդրանիկ եւ Անթունիէ, պիտի ենթարկուին տասնհինգ հազարական ամերիկեան տոլարի տուգանքի:

Ճատրակ. Հայրենի Վարպետները Տիրապետեցին Ռիկայի Միջազգային Մրցաշարքին

Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի համալսարաններու բաժակի 8-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի վարպետներուն փայլուն յաղթանակով: Արդարեւ, Հայաստանի հաւաքականի կրանտմասթըրներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեցին 7,5-ական կէտ եւ բաժնեցին 1-2-րդ դիրքերը: Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով, մրցաշարքին տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Յովհաննիսեան, մինչ Պետրոսեան արժանացաւ արծաթ մետալին: Հայաստանի երրորդ ներկայացուցիչը` Սամուէլ Տէր Սահակեան, թէեւ լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց, սակայն կրելով...

Ալաշկերտի Պատուիրակութիւնը Հասաւ Ռումանիա

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտի պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Ռումանիա` ակումբի հիմնադիր-սեփականատէր Բագրատ Նաւոյեանի գլխաւորութեամբ: «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն գծով, հայկական կազմը վաղը մրցում մը ունի կատարելիք Քլիւժի դէմ: Վարուժան Սուքիասեանի գլխաւորած խումբը այսօր ժամը 20:00-ին Քլիւժ - Նափոքայի Քոնսթանթին Ռատուլեսքուի մարզադաշտին վրայ կը կատարէ իր մրցումը:

Page 802 of 1278 1 … 801 802 803 … 1,278

Արխիւներ