7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըր ցարդ բուժումի կ՛ենթարկուի` գլուխէն իր ստացած վնասուածքին ետք:
Նշուեցաւ, որ ան Զուիցերիայէն պիտի տեղափոխուի Սպանիա` այդտեղ իր բուժումը շարունակելու համար:
Անոր կինը արդէն իսկ Մայորքայի մէջ գնած է ապարանք մը, որ անցեալին կը պատկանէր Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսին: Այդ ապարանքին համար Շումախըրի ընտանիքը վճարած է 30 միլիոն եւրօ:
Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 2013-ին Միքայէլ Շումախըր գլուխէն ծանր վնասուածք մը ստացաւ, երբ դահուկարշաւի կը մասնակցէր: