Այնպէս կը թուի, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի խումբերէն Պիպլոս իր կարգին պիտի հետեւի Լուէյզիի, Անդրանիկի ու Անթունիէի օրինակին եւ պիտի քաշուի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութենէն:
Նշուեցաւ, որ Պիպլոսի պատասխանատուները Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն ստացած են նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Պիպլոս իր կազմին չի կրնար միացնել ոեւէ մարզիկ, ըլլայ տեղացի թէ օտար:
ՖԻՊԱ-ն Պիպլոսին կ՛արգիլէ իր կազմին մէջ նոր մարզիկներու ներառումը` նկատի ունենալով, որ անիկա իր կարգ մը մարզիկներուն (օտար եւ լիբանանցի) վճարումները չէ ամբողջացուցած նախորդ տարեշրջանին գծով:
Բնականաբար ասիկա կու գայ այլ ծանր հարուած մը հասցնելու լիբանանեան պասքեթպոլին: