Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, տեղի ունեցաւ Քրիթորիում Լիբանանի 4×4-ի 32-րդ մրցումը, որ կ՛իյնայ «Էհտենիյյեթ-2018»-ի ամառնային փառատօնին ծիրին մէջ:
Լիբանանի 4×4-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը տեղի ունեցաւ Էհտենի մէջ` մասնակցութեամբ բազմաթիւ լիբանանցի վարորդներու:
Առաջին հանդիսացաւ Ժորժ Զիատէ, որ իր ինքնաշարժին` «Ճիփ Շիրոքքի»-ի հետ արձանագրեց 6′ 31″ 28 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի, Զղարթա-Էհտենի եւ Զղարթայի քաղաքապետներուն եւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն: