Երէկ, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումները անյաջող եղան Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներուն համար` նկատի ունենալով, որ Ալաշկերտ եւ Փիւնիկ իրենց դաշտերէն դուրս պարտութիւններ կրելով, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ, որ Ռումանիոյ մէջ հիւրը եղաւ Քլիւժի, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Նշենք, որ Գ. հանգրուանին հայկական կազմը ոչ մէկ կոլ նշանակեց` նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Հայկական երկրորդ խումբը, որ բաւական մօտ էր յաջորդ հանգրուան հասնելու, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մաքապի Թել Աւիւէն, իր կարգին դուրս մնաց (երթ` 0-0):
Փիւնիկ մինչեւ 55-րդ վայրկեանը կը յառաջանար 1-0 արդիւնքով: