Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութենէն քաշուած կամ քաշուելիք ակումբները շատ հաւանաբար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ տուգանքի ենթարկուին` իբրեւ հատուցում լիբանանեան պասքեթպոլին իրենց հասցուցած վնասին:
Եթէ այս լուրը պաշտօնապէս հաստատուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, Լուէյզի, Անդրանիկ եւ Անթունիէ, պիտի ենթարկուին տասնհինգ հազարական ամերիկեան տոլարի տուգանքի: