Ֆրանսա` Աշխարհի
Նոր Յառաջատար
ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը, որուն մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դիրքը մնաց անփոփոխ` 100-րդ:
Նախկին դասաւորումին հրապարակումէն ետք, հայրենի կազմը, որ որեւէ մրցում չկատարեց, իր տրամադրութեան տակ ունի 1227 վարկանշային կէտ:
Աշխարհի նոր յառաջատարը դարձաւ աշխարհի նորընծայ ախոյեան Ֆրանսա, որ 6 դիրքի ոստում մը արձանագրելով գրաւեց առաջին դիրքը: Անոր կը յաջորդեն Պելճիքա եւ Պրազիլ:
Աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիա, 16 դիրքի մեծ ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ չորրորդ դիրքը:
Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Ուրուկուէյ, Անգլիա, Փորթուգալ, Զուիցերիա, Սպանիա եւ Դանիա, մինչ Արժանթին 11-րդ է:
Յառաջիկայ ամիս` սեպտեմբերին սկսելիք Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին, Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Մակեդոնիա (70-րդ), Լիխթնշթայն (180-րդ) եւ Ճիպրալթար (195-րդ):