Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի համալսարաններու բաժակի 8-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի վարպետներուն փայլուն յաղթանակով:
Արդարեւ, Հայաստանի հաւաքականի կրանտմասթըրներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեցին 7,5-ական կէտ եւ բաժնեցին 1-2-րդ դիրքերը:
Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով, մրցաշարքին տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Յովհաննիսեան, մինչ Պետրոսեան արժանացաւ արծաթ մետալին:
Հայաստանի երրորդ ներկայացուցիչը` Սամուէլ Տէր Սահակեան, թէեւ լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց, սակայն կրելով 2 պարտութիւն, մրցաշարքը աւարտեց 23-րդ դիրքին վրայ: