Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Պասել Ժրատի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Խրուաթիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ա. դասակարգի կազմերէն Հայթուկ Սփլիթի հետ:
Անոր նախկին ակումբն էր Շթրումկոթց (Նորվեկիա):
Ժրատի շուրջ երկու տարիէ ի վեր հեռու է ազգային խումբէն` նկատի ունենալով, որ ան որոշ տարակարծութիւններ եւ կարգ մը հարցեր ունեցաւ մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչի հետ:
Ժրատիի համար Խրուաթիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ նոր փորձառութիւն մը Դանիայէն եւ Նորվեկիայէն դուրս, ուր ան վերջին չորս տարեշրջաններուն կատարեց շուրջ հարիւր մրցում` նշանակելով աւելի քան երեսուն կոլ: