Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամներէն Թամմամ Ժարուտի, որ ամիսներ առաջ ներկայացուցած էր իր հրաժարականը, երէկ ֆետերասիոնին յղած իր նամակին մէջ ըսաւ, թէ յետս կը կոչէ իր հրաժարականը:
Այդ նամակին մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Նկատի ունենալով, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նոր վերածնունդ մը ունեցաւ Աքրամ Հալապիի նախագահ ընտրութեամբ, կու գամ յայտնելու, որ կ՛ուզեմ վերադառնալ ֆետերասիոն` դարձեալ միասնաբար աշխատելու իրբեւ մէկ խումբ, ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլին»: