Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիական 18-րդ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան ճաքարթայի մէջ (Ինտոնեզիա), լիբանանեան այլ պատուիրակութիւններու նման Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը եւս մեկնեցաւ այդտեղ:
Այս խաղերուն Լիբանան այս մարզաձեւին մէջ պիտի ունենայ մէկ ներկայացուցիչ միայն` Էլի Պու Ժըպրայել (75 քկ): Անոր հետ պիտի ըլլայ նաեւ մարզիչ Էլիաս Ռայես:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյր, որ Ճաքարթայի մէջ պիտի մասնակցի Ասիոյ Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի ժողովներուն եւ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ այդ ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններուն: