Կազմակերպութեամբ Ֆաքրա ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձիավարութեան արգելարշաւի մրցումը` մասնակցութեամբ 109 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած տարբեր ակումբներ:
Այս մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան եւ մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ, Տըպպայէ Քաունթրի Քլապ ակումբի նախագահ Ժորժ Ապպուտ, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, այս մարզով հետաքրքրուած համակիրներ: