Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ». Մխիթարեանի Կոլն Ու Էսիսթը Արսենալը Չփրկեցին Պարտութենէն

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Արսենալ, որ հիւրը եղաւ Չելսիին, կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` 3-2 արդիւնքով: Լոնտոն մայրաքաղաքի այս տերպիին, որուն ներկայ եղաւ աւելի քան 40 հազար հանդիսատես, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր ակումբին` Արսենալի հետ: Ան նշանակեց իր կազմին առաջին...

ՖԻՖԱ-ն Տուգանքի Ենթարկեց Աթլեթիքօ Մատրիտը

ՖԻՖԱ-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբը ենթարկուեցաւ տուգանքի` կանոնադրութիւնը խախտած ըլլալուն համար: Խումբը 46 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ, մարզիկներու փոխանցումներու եւ պայմանագրութիւններու կնքման ընթացքին երրորդ կողմի մասնակցութեան պատճառով: Նախորդ տարեշրջանին Աթլեթիքօ Մատրիտ հանդիսացաւ Սպանիոյ փոխախոյեան, «Եւրոպայի լիկա»-ի բաժակակիր, մինչ շաբաթ մը առաջ տիրացաւ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին` յաղթելէ ետք Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտին:  

Սիպիրի Յետսապահ Սամուէլ Մնացեանի Մօտ Քաղցկեղի Հիւանդութիւն Յայտնուեցաւ

«Շամփիոնաթ» յայտնեց, որ ռուսական Սիպիրի յետսապահ Սամուէլ Մնացեան, քաղցկեղի պատճառով պիտի չկարենայ շարունակել Ռուսիոյ Հաքիի ախոյեանութեան այս ամբողջ տարեշրջանը: 28 տարեկան Մնացեան այս ամառ Ատմիրալէն տեղափոխուած էր Սիպիր: «Նովոսիպիրսքի մէջ կատարուած հետազօտութիւնները այդքան ալ լաւ արդիւնք չտուին: Այդ պատճառով ալ ան այժմ մեկնած է Գերմանիա, ուրկէ կը սպասենք վերջնական պատասխաններուն: Տեղեկութիւններ չէինք հրապարակեր, որպէսզի չմտահոգենք անոր հարազատները եւ հանրութիւնը», ըսաւ...

«Քալչիօ». Ռոնալտոյի Նորամուտը Եղաւ Յաղթական

Շաբաթ, 18 օգոստոսին, Քիեւօ Վերոնա - Եուվենթուս բացման մրցումով ազդանշանը տրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 2018-2019 տարեշրջանին: Ռէալ Մատրիտէն Եուվենթուս տեղափոխուած փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի համար այս նորամուտը եղաւ յաղթական, հակառակ անոր որ իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ (3-2) ան կոլ չնշանակեց: Ան այս մրցումին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան: Սեմի Խետիրա (3-րդ), Մաթիա Պանի (75-րդ` սխալմամբ իր բերդին...

Իվան Սթրինիչ Ժամանակաւորապէս Դադրեցուց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի եւ աշխարհի ֆութպոլի փոխախոյեան Խրուաթիոյ ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Իվան Սթրինիչի մօտ յայտնուած է սրտի լուրջ հիւանդութիւն: Իտալական ակումբին կայքը հաղորդեց, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստին մօտ յայտնուած է սրտամկանի Հիփերթրոֆիա (գերաճում): Սթրինիչ ստիպուած եղաւ ժամանակաւորապէս դադրեցնել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, որպէսզի բժշկական շատ լուրջ բուժումի ենթարկուի: Ան 2018-ին իտալական այլ ակումբէ մը` Սամտորիայէն տեղափոխուած էր...

«Լիկ-1». Նէյմար Եւ Մպափէ Կերտեցին Փարիզ Սեն Ժերմենի Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Կենկանի դաշտէն: Հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (20-րդ), սակայն մայրաքաղաքի կազմը պատասխանեց երեք անգամ: Նէյմար փենալթիով նշանակեց Սեն Ժերմենի հաւասարութեան կոլը (53-րդ), մինչ Քիլիան Մպափէ տուպլէ մը իրագործեց (82-րդ եւ 90-րդ): Երկրորդ կոլին...

«Լա Լիկա». Լիոնել Մեսսի Նշանակեց Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան 6000-րդ Կոլը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ «Լա լիկա»-ի Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումը, երբ 52 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տեփորթիւօ Ալաւեսին: Լիոնել Մեսսի տուպլէ մը իրագործեց (64-րդ եւ 92-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Ֆիլիփ Քութինիօ (83-րդ): 9 տարի առաջ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5000-րդ կոլը նշանակած Մեսսի, յաջողեցաւ այս մրցումին ընթացքին այս անգամ նշանակել ախոյեանութեան...

Ռէալ Մատրիտ Պիտի Բողոքէ Ինթեր Միլանի Դէմ

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես մտադիր է բողոքել ՖԻՖԱ-ին` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբը Ինթեր Միլանի կատարածը կը նկատէ անօրինական: Իտալական ակումբը այս ամառ կ՛ուզէր ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի 32 տարեկան խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչը` բանակցութիւններ կատարելով ֆութպոլիստին գործակատարներուն հետ: Փերես կը յայտնէ, որ Ինթեր Միլան խախտեց ՖԻՖԱ-ին օրէնքները` նկատի ունենալով, որ առանց Մոտրիչի ակումբին թոյլտուութեան Ինթեր իրաւունք չունի նմանօրինակ...

Պրազիլէն Դուրս Ծնած Անտրէաս Փերէյրա Միացաւ Իր Երկրի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Անտրէաս Փերէյրա դարձաւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան վերջին հարիւր տարուան առաջին ֆութպոլիստը, որ թէեւ Պրազիլի մէջ ծնած չէ, բայց պիտի կրէ անոր շապիկը, յայտնեց «Սքայ Սփորթց»: 22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ծնած է Պելճիքայի մէջ, հանդէս եկած է անոր պատանեկան հաւաքականներուն մէջ: Սակայն 2014-ին ան հրաւէր ստացած է Պրազիլի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականէն եւ 2015-ին անոր հետ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Զօր. Միշել Աունի

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Զօր. Միշել Աունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի: Անոր ընկերակցեցան նաեւ ֆետերասիոնի անդամներ Էտի Պու Զախըմ, Թոնի Խալիլ, Էլի Ֆարհաթ, Ղազի Պուսթանի, Շարպել Ռըզք, Ժորժ Սապունճեան, Թամմամ Ժարուտի, Եասեր Հաժ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տղոց 15 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ վերջերս Իրանի մէջ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան`...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Խումբը Սկսաւ Իր Փորձերուն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին պատրաստուելու համար, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը սկսաւ իր փորձերուն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Խումբին մարզիկներուն մօտ տրամադրութիւնները բարձր են եւ անոնք կը հետեւին լուրջ փորձերու` տիտղոսը պահելու համար իրենց մօտ:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

- Այսօր` Չելսի – Արսենալ Տաք Ճակատում - Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Առաջին Մրցումը` «Քալչիօ»-Ի Մէջ Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Նախ նշենք, որ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն կու գան միանալու նաեւ «Քալչիօ»-ն եւ «Լա լիկա»-ն: Իտալիոյ մէջ հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ տարեշրջանի բացման մրցումը, որուն ընթացքին...

Մինի-Ֆութպոլ. Ընկերութիւններու Եւ Դրամատուներու Վեթերաններու Մրցաշարքը Հասաւ Կիսաւարտական Հանգրուան

«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած ընկերութիւններու եւ դրամատուներու մինի-ֆութպոլի վեթերաններու (35 տարեկան եւ վեր) մրցաշարքը հասաւ կիսաւարտական հանգրուանին: Կեդրոնական դրամատան խումբը գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը, որուն յաջորդեցին «Ֆըրսթ նեշընըլ պանք», Պէյրութի եւ Արաբական երկիրներու դրամատուն, «Տար Հանտասա» եւ «Ալֆա»: Առաջին չորսը ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը, մինչ «Ալֆա» դուրս մնաց մրցաշարքէն:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանին Նախօրեակին Ցարդ Տեղի Ունեցած Փոխանցումները

Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին նախօրեակին, շարք մը ակումբներ իրենց կազմին մէջ կատարեցին մարզիկներու փոփոխութիւններ: Ոմանք հեռացան իրենց կազմերէն` միանալով այլ խումբերու, մինչ ուրիշներ իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին: Ինչ կը վերաբերի մարզիչներուն, Սաժեսի մարզիչ Ֆուատ Աշու Շաքրա ստանձնեց Շանվիլի մարզիչի պաշտօնը, մինչ Ղասսան Սարգիս, որ նախորդ տարեշրջանին Շանվիլի մարզիչն էր, այժմ նշանակուեցաւ Սաժեսի մարզիչ: Ստորեւ կը ներկայացնենք այն ակումբները,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Ներկայացուց 2018-2019 Տարեշրջանի Իր Աղջկանց Կազմը

Մամլոյ ասուլիս մը տալով` Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր ակումբին մէջ ներկայացուց իր աղջկանց կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Ռիատիի նախագահ Մազեն Թապպարա, ընդհանուր քարտուղար Թամմամ Ժարուտի, պասքեթպոլի յանձնախումբին պատասխանատու Ժինա Խաթիպ, աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի պատասխանատու Քրիսթինա Թանուխի, մարզիչներ Մարուան Տիապ եւ Նեպիլ Հասսուն, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Իրենց խօսքերուն մէջ...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ախոյեանութիւն. Որո՞նք Պիտի Մասնակցին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Մրցաշարքին

Ինչպէս ծանօթ է, 2-12 հոկտեմբեր 2018-ին Լիբանան կը հիւրընկալէ Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Այս մրցաշարքը պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ ակումբը` Շիահի իր մարզադաշտին վրայ: Մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն: Այդ ախոյեանութիւնը պատկերասփռելու իրաւունքը տրուած է նաեւ «Տուպայ Ռիատիէ» պատկերասփիւռի կայանին: Վերոնշեալ մրցաշարքին մասնակցող խումբերը արդեօք որո՞նք պիտի ըլլան: Կազմակերպիչներուն կողմէ կը նշուին հետեւեալ անունները, սակայն, ցարդ անոնցմէ որեւէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Խալետ Թաքաճի Միացաւ Պըրժի

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին պատրաստուող Պըրժ իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ լիբանանցի միջազգային նախկին միջնապահ Խալետ Թաքաճի միացաւ կազմին` լքելէ ետք իր ակումբը` Անսարը: Լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ ակումբին համար այս փոխանցումը ցարդ կը նկատուի ամէնէն կարեւորը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն պարագան, որ Պըրժի ղեկավարութիւնը որոշած է այս տարեշրջանի աւարտին բարձրանալ Ա. դասակարգ:...

Ճատրակ. Յովհաննէս Գաբուզեան Տիտղոսակիր` Ուաշինկթընի Մէջ

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հայրենի կրանտմասթըր Յովհաննէս Գաբուզեան իր տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ տիրացաւ Ուաշինկթընի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 72 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 22 կրանտմասթըրներ: Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Սամուէլ Սեւեան 6 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը: Այլ մրցաշարքի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ,...

«Եուրոփա Լիկ». Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի Դարձի Աննախընթաց Մրցումը

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումները եղան շատ կարեւոր մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք երթին կրած էին պարտութիւններ եւ դարձի մրցումներուն կարիքը ունէին յաղթանակներու` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար: Անոնցմէ մէկը եղաւ ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը, որ երթին իր կրած պարտութիւնը` 4-0 արդիւնքով, դարձին վերածեց 8-1 աննախընթաց արդիւնքով յաղթանակի մը (երկարաձգումէն ետք) եւ բնականաբար ապահովեց զտումի վերջին` 4-րդ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Սամի Ժեմայելի

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայել, Սայֆիի մէջ գտնուող կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի: Անոր կ՛ընկերակցէին փոխնախագահ Էտի Պու Զախըմ, ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, ինչպէս նաեւ անդամներ Շարպել Ռըզք, Ղազի Պուսթանի, Ժորժ Սապունճեան եւ Եասեր Հաժ: Այս հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Ֆարես Մըտաուար եւ Լիբանանի տղոց ազգային...

Page 801 of 1278 1 … 800 801 802 … 1,278

Արխիւներ