Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ արժանթինեան դեսպանատան խորհրդատու Մարչելլօ Ռեզոնիքա յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Պաապտայի մէջ գտնուող ողիմպիական կոմիտէի նստավայր:
Ռեզոնիքա դիմաւորուեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Ժորժ Զէյտանի, ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմի, ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի եւ մարզական լրագրող Հասսան Մուհիէտտինի կողմէ:
Այս հանդիպումին արծարծուեցաւ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) տեղի ունենալիք երիտասարդներու ամառնային երրորդ ողիմպիականին լիբանանեան պատուիրակութեան մասնակցութեան հարցը:
Լիբանանեան կողմը տեղեակ պահեց Ռեզոնիքան այս առնչութեամբ Լիբանանի տարած եւ տանելիք աշխատանքներուն մասին` յոյս յայտնելով, որ լիբանանցի մարզիկներուն թիւը կ՛ըլլայ մեծաթիւ:
Պուէնոս Այրես մեկնելիք լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Վաչէ Ծատուրեան յայտնեց, որ այս գծով տարուելիք աշխատանքները պիտի մնան աշխուժ եւ երկկողմանի հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ միշտ իրարու պիտի փոխանցուին բոլոր մանրամասնութիւնները:
Յայտնենք, որ Երիտասարդներու ամառնային այս երրորդ ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ 6-18 հոկտեմբեր 2018-ին: