Մարզական

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Այսօր Կը Մրցի Մոլտովայի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Մոլտովա, այսօր` չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին կը մրցի դաշտին տիրոջ իր հասակակիցներուն դէմ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Քիշնեւի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Հայրենի կազմը պիտի կատարէ իր առաջին բարեկամական մրցումը` Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորութեամբ:  

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Մասնակցող Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականի Կազմը

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ 21-31 օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականի կազմը յստակացաւ: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Սէյրան Եղիկեան (49 քկ), Արթուր Բավէեան (52 քկ), Ռաֆայէլ Յակոբեան (56 քկ), Բենիկ Նիկողոսեան (64 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (75 քկ): Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աղամալեան, իսկ մարզիչը` Վլատիմիր Մարգարեան: Աղամալեան նշեց,...

Մարիօ Մանծուքիչ Հեռացաւ Խրուաթիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Եուվենթուսի յառաջապահ Մարիօ Մանծուքիչ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը հեռանայ միջազգային ասպարէզէն եւ կը լքէ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը: 32 տարեկան Մանծուքիչ, որ 2007-ին իր նորամուտը նշեց Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, անոր հետ կատարեց միջազգային 89 մրցում` նշանակելով 33 կոլ: Այսպիսով, ան հանդիսացաւ իր երկրին երկրորդ լաւագոյն կոլսքորըրը` Տաւոր Սիւքերէն ետք (45 կոլ):

Տաւիտ Սիլվա Լքեց Միջազգային Ասպարէզը

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Տաւիտ Սիլվա վերջ դրաւ իր միջազգային ասպարէզին, յայտնեց Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 32 տարեկան ֆութպոլիստը, որ առաջին անգամ ըլլալով Սպանիոյ շապիկը կրեց 2006-ին, անոր հետ կատարեց միջազգային 129 մրցում` նշանակելով 37 կոլ:

Սամուէլ Էթու Տեղափոխուեցաւ Քաթար

Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Սամուէլ Էթու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Քաթարի մէջ: 37 տարեկան ֆութպոլիստը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Քաթար-Սա խումբին հետ:  

Լիբանանեան  Պասքեթպոլ.  Քրիս Ճոնսըն` ՀՄԸՄ-ի Երրորդ Օտարականը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Քրիս Ճոնսըն` ՀՄԸՄ-ի Երրորդ Օտարականը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեան ՀՄԸՄ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին միացուց Քրիս Ճոնսընը: Այսպիսով, ՀՄԸՄ ամբողջացուցած եղաւ իր օտարականները: Նախապէս խումբին միացած էին Նէյթ Ռոպինսըն եւ Սեմի Մոնրօ: Երէկ նաեւ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ ՀՄԸՄ-ի կազմին միացան Ժերար Հատիտեան, Փաթրիք Պու Ապպուտ, մինչ Քարիմ Զէյնուն երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը Լիբանանի ախոյեանին հետ: Այլ գետնի վրայ, ՀՄԸՄ-էն հեռացաւ Հայկ Կէօքճեան, որ միացաւ Ռիատիին: Վերջինս...

Հեծելարշաւ.  Կատարուեցաւ Լիբանանի Հաշմանդամներու Առաջին Ախոյեանութիւնը

Հեծելարշաւ. Կատարուեցաւ Լիբանանի Հաշմանդամներու Առաջին Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 12 օգոստոսին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի հաշմանդամներու հեծելարշաւի առաջին ախոյեանութիւնը («Էյչ-4» եւ «Էյչ-3»)` մասնակցութեամբ 12 հաշմանդամներու, որոնք մասնակցեցան 30 քմ մրցումին: Անկախ արձանագրուած արդիւնքներէն, բոլոր մասնակցողներն ալ հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնէն կէտեր պիտի ստանան միջազգային դասաւորման մէջ: Ասկէ բացի, ֆետերասիոնը կազմակերպեց 1992-ի ողիմպիականի մարզիկ Արմէն Արսլանեանի յիշատակին նուիրուած կրտսերներու (13-16 տարեկան) մրցումը (25...

Փինկ Փոնկ. Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 3 Արծաթ Եւ 8 Պրոնզ Մետալներու

Իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած փինկ փոնկի արաբական ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Պէյրութ` իրեն հետ բերելով 11 մետալ (3 արծաթ եւ 8 պրոնզ): Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ժորժ Քուփալի յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի ազգային խումբին մաս կազմող բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր տուին իրենց առաւելագոյնը` արձանագրելով բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:

Անուար Ակումբին Ընտրութիւնները Յետաձգուեցան

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Անուար ակումբին (Ժտէյտէ, Մեթն) ընտրութիւնները յետաձգուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք չկատարուեցան, որովհետեւ անոնց կայացման համար բոլորը տեղեակ պէտք էր պահուէին նուազագոյնը 15 օր առաջ: Ակումբի նախագահ Փոլ Քանաան բոլոր անդամները հրաւիրեց ժողովի, որպէսզի կարելի ըլլայ կայացնել նոր ընտրութիւնները, որոնց նոր թուականը պիտի յայտարարուի շուտով:  

Թենիս.  Պրումմանայի Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Թենիս. Պրումմանայի Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Պրումմանայի թենիսի տարեկան մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին: Երկու շաբաթ տեւած այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պրումմանայի վարժարանի թենիսի դաշտերուն վրայ: Աւարտական մրցումներուն (տարբեր դասակարգերուն մէջ) ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ հանդիսատեսներ: Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն ներկայութեան: Մրցանակաբաշխութեան ներկաներուն կարգին էին նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Էտի Ապի Լամաա եւ Սամի...

Թենիս. Նատալ Պիտի Չմասնակցի Սինսինաթիի Մրցաշարքին

Տղոց թենիսի աշխարհի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յայտարարեց, թէ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ թենիսի Սինսինաթիի «Ուորլտ-Թուր-1000»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին: Ան յայտնեց, որ քիչ մըն ալ պէտք է մտածէ իր առողջութեան եւ ֆիզիքականին մասին: Յայտնենք, որ երէկ ան տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 80-րդ տիտղոսին, երբ Թորոնթոյի «Մասթըրզ-1000» մրցաշարքի աւարտականին 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Սթեֆանոս Ցիթցիփասին (Յունաստան):  

Մարմնամարզութիւն. Գագիկ Խաչիկեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի մարմնամարզութեան երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստան տիրացաւ մէկ մետալի: Նժոյգի մրցումներուն, Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց Գագիկ Խաչիկեան: Ան աւարտական հանգրուան հասաւ արձանագրելով 13.333 կէտ, մինչ պրոնզ մետալի տիրացաւ արձանագրելով 13.600 կէտ: Ոսկի մետալին տիրացած իտալացի Էտուարտօ Տէ Ռոսա ապահովեց 14.066 կէտ, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց անգլիացի Ճէյմի Լուիս (13.733):    

Մակեդոնական Ֆութպոլ. Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ

Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Վարտար 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շքենտիայի հետ: Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, Վարտարի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան: Յայտնենք, որ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ Վարտար 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է Փիւնիկ Երեւանէն:    

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն

Նախորդ շաբաթավերջին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը կատարեց իր երկրորդ բարեկամական մրցումը` դարձեալ ճակատելով դաշտին տիրոջ իրեն հասակակից խումբին դէմ: Հայրենի կազմը դարձեալ պարտութիւն մը կրեց Պիելոռուսիայէն` 2-0 արդիւնքով: Առաջին մրցումին Հայաստան կրած էր 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ֆեռնանտօ Արիել Պաթիսթա:

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա` 13-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Թանժայի մէջ (Մարոք) նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի Պարսելոնա - Սեւիլլա մրցումը: Էռնեսթօ Վալվերտէի գլխաւորած խումբը տիրացաւ տիտղոսին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սեւիլլային: Թէեւ Սեւիլլա ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (9-րդ), սակայն Ժերար Փիքէ 42-րդ վայրկեանին հաւասարեցուց արդիւնքը, իսկ Պարսայի յաղթանակի կոլը նշանակեց Ուսման Տեմպելէ (78-րդ): Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ), Սեւիլլայի մաս կազմող Ուիսամ Պեն Ետերի հարուածած...

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ` Գերբաժակակիր

Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ եօթներորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Գերմանիոյ գերբաժակակիր, երբ գերբաժակի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը: Լեհ ֆութպոլիստ Ռոպերթ Լեւանտովսքի հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (21-րդ, 26-րդ եւ 54-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Քինկզլի Քոման (63-րդ) եւ Թիակօ Ալքանթարա (85-րդ):

Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը` Տարիքային Խումբերը Զօրացնելու Նպատակով

Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը` Տարիքային Խումբերը Զօրացնելու Նպատակով

Շաբաթ, 11 օգոստոսին, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին (Զուք) մամլոյ ասուլիսներու սրահին մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ իր տեսակին մէջ եզակի մամլոյ ասուլիսը, որուն գլխաւոր նպատակն է ներկայացնել Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ազգային խումբերը զօրացնելու միջոցները: Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ, ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի, տարիքային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Փաթրիք Լահուտ,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Մարզիկներու Փոխանցումներու Առօրեայէն

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մարզիկներու Փոխանցումներու Առօրեայէն

Հատի Խալիլ                              Մուսթաֆա Քասսապ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով, շարք մը ակումբներ կը զօրացնեն իրենց կազմերը` նոր մարզիկներ միացնելով իրենց: Լիբանանի ախոյեան Ահտ նախորդ շաբաթավերջին ձեռք ձգեց Թատամոն Սուրի բերդապահ Հատի Խալիլի ստորագրութիւնը: Սակայն Ահտի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մէկ տարեշրջանի համար ան փոխ պիտի տրուի Ռասինկին, այսինքն ան 2018-2019 տարեշրջանին ելոյթ պիտի...

Ֆութսալ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն.  Կեդրոնական Դրամատան Խումբը Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Ֆութսալ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Կեդրոնական Դրամատան Խումբը Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Երէկ` կիրակի, 12 օգոստոսին, Ինտոնեզիոյ մէջ աւարտեցաւ Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան աւարտական եւ երրորդ դիրքի մրցումները: Լիբանանի ներկայացուցիչը` Կեդրոնական դրամատան խումբը Լիբանանի համար յաջողեցաւ պատմական իրագործում մը կատարել, երբ երրորդ դիրքի մրցումին 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իրաքեան Նաֆթ խումբին դէմ: Նախապէս լիբանանեան որեւէ կազմ այս իրագործումը չէր կրցած կատարել: Կեդրոնական դրամատան մարզիկներէն Մըհտի Ժավեր հանդիսացաւ մրցաշարքին լաւագոյն...

Page 803 of 1278 1 … 802 803 804 … 1,278

Արխիւներ