Մարզական

Կռփամարտ. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Լքեցին Պայքարը

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Ռաֆայէլ Յակոբեան (56 քկ), Բենիկ Նիկողոսեան (64 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (75 քկ) չկրցան յաղթահարել այս ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի արգելքը եւ լքեցին պայքարը: Կիսաւարտական հանգրուան հասնելու պարագային անոնք նուազագոյնը պիտի ապահովէին պրոնզէ մետալ: Հայաստանի կազմին հետ Պուտափեշթ մեկնած էին նաեւ Սէյրան Եղիկեան (49 քկ) եւ Արթուր Բազէեան (52...

Տիգրան Բարսեղեան Կերտեց Վարտարի Յաղթանակը

Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վարտար Տիգրան Բարսեղեանի նշանակած կոլին շնորհիւ նուազագոյն հաշուով յաղթեց իր հիւրին` Մակեդոնիա Ֆ. Ք.-ին: Հայաստանի ազգային հաւաքականի յառաջապահը 41-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Վարտարի կոլը: Ան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Այսպիսով, 24 տարեկան Բարսեղեան կոլի հեղինակ կը դառնայ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով: «Թրանսֆեր-մարքեթ»-ի համաձայն, Տիգրան Բարսեղեան Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստն է: Անոր փոխանցման արժէքը...

Սերճիօ Ռամոս «Լա Լիկա»-ի Մրցանիշը Կրկնեց

Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նախորդ շաբաթավերջին Կիրոնայի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին (4-1) ընթացքին («Լա լիկա», 2-րդ հանգրուան) յաջողեցաւ «Լա լիկա»-ի մրցանիշը կրկնել, երբ յաջորդաբար 15-րդ տարեշրջանն ըլլալով կոլ նշանակեց: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ֆեռնանտօ Հիերոյին: Սակայն Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Ռամոս իր նշանակած կոլով (փենալթիով) յաջողեցաւ հաստատուած այդ մրցանիշին հաւասարիլ: «Մունտօ-Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Սերճիօ Ռամոս անպայման յառաջիկայ տարեշրջանին ինք...

Արազ Օզպիլիս` Էսիսթի Հեղինակ

Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ուիլեմ-Բ. իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հերաքլեսը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Ուիլեմ-Բ.-ի հետ, 33-րդ վայրկեանին նշանակուած կոլին էսիսթը կատարեց: Ան առաջին մրցումն ըլլալով դաշտ կը ներկայանար իբրեւ հիմնական մարզիկ: 76-րդ վայրկեանին ան փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Ուիլեմ-Բ.-ի կայքը տեղեկացուց, որ ան հրաւիրուած...

Հայկական Ֆութպոլ Փիւնիկ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Փիւնիկ Երեւան, որ մրցեցաւ Արցախի դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռումեան Յովսէփեան (35-րդ` փենալթիով) եւ Էրիք Վարդանեան (58-րդ) նշանակեցին Փիւնիկի կոլերը: Հակառակ անոր որ Փիւնիկ կատարած է երեք մրցում, սակայն ապահովելով 9 կէտ, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը: 2-3-րդ դիրքերը կը բաժնեն Արարատ - Արմենիա եւ...

«Ֆորմիւլա-1».  Գերմանացի Վեթել Յաղթական` Պելճիքայի Կրան Փրիին

«Ֆորմիւլա-1». Գերմանացի Վեթել Յաղթական` Պելճիքայի Կրան Փրիին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Պելճիքայի կրան փրիին յաղթականը հռչակուեցաւ «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել: «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ռետ-Պուլ»-ի ներկայացուցիչ Մաքս Վերսթափեն: Առաջին լեփին տեղի ունեցաւ բաւական զօրաւոր եւ մեծ բախում մը աւելի քան չորս ինքնաշարժներու միջեւ, բայց եւ այնպէս անոնց վարորդներէն ոչ մէկը...

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Պատուոյ Սրահին Մէջ.  Լեթիսիա Աուն, Ռէյ Պասիլ Եւ Ալեն Մուսա Արժանացան Ջերմ Ընդունելութեան

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Պատուոյ Սրահին Մէջ. Լեթիսիա Աուն, Ռէյ Պասիլ Եւ Ալեն Մուսա Արժանացան Ջերմ Ընդունելութեան

Նախորդ շաբաթավերջին Ինտոնեզիայէն Լիբանան վերադարձան լիբանանցի մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ասիական 18-րդ խաղերուն: Լիբանանի համար մետալներ ապահոված մարզիկները Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ արժանացան ջերմ ընդունելութեան: Յիշեցնենք, որ նշանառութեան մրցումներուն Ռէյ Պասիլ - Ալեն Մուսա զոյգը, տիրացաւ ոսկի մետալի: Իսկ թեքուանտոյի մրցումներուն Լիբանանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց 17-ամեայ Լեթիսիա Աուն:

Հեծելարշաւ. Էտկար Ստեփանեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեան

Հայաստանի զօրաւորագոյն հեծելանւորդ Էտկար Ստեփանեան հանդիսացաւ հրապարակային հեծելարշաւի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան յաղթող: Զուիցերիոյ դէմ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան կէտերու մրցումին (40 քմ, 200 շրջան) աւարտական հանգրուանին Ստեփանեան յաղթեց 98 կէտով: Երկրորդ հանդիսացաւ իտալացի Մաթէօ Տոնեկա (92 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց պելճիքացի Պրայըն Պուսայեր: Ստեփանեան նախապէս Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան հանդիսացած էր 2015-ին` Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ:

Ըմբշամարտ. Միհրան Յարութիւնեան Պիտի Չմասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) հոկտեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան: 29 տարեկան Յարութիւնեան, որ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ, յայտնեց, որ այս տարուան իր յայտագիրը պէտք եղածէն աւելի ծանրաբեռնուած է եւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ աշխարհի ախոյեանութեան: Սակայն 2019-ի սկիզբը ան մրցասպարէզ դուրս պիտի գայ` նկատի...

Կռփամարտ. Գոռ Երիցեան Պիտի Ճակատի Ալեքսանտր Շարանովի Դէմ

Հայաստանը ներկայացնող արհեստավարժ կռփամարտիկ Գոռ Երիցեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 21 սեպտեմբերին: Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք արհեստավարժ կռփամարտի մէկ փառատօնին ընթացքին, 23 տարեկան Երիցեան իր դէմ պիտի ունենայ ռուս Ալեքսանտր Շարանովը, յայտնեց «Փանչ Պոքսինկ Արմինիա»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նոյն այդ փառատօնին մրցասպարէզ դուրս պիտի գայ նաեւ Արամ Աւագեան, որ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Սի.»-ի «Ինթըրնեշընըլ-սիլվըր» գօտին պիտի փորձէ պաշտպանել ռուս Եւգենի Սմիրնովի...

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Երկրորդ Յաղթանակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրի գործող ախոյեան Պարսելոնա, Ռէալ Վայատոլիտի դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Ուսամա Տեմպելէի նշանակած կոլին (57-րդ): Էսիսթը կատարեց Սերճի Ռոպերթօ: Այսպիսով, Պարսա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը. առաջինը` Ալաւեսին դէմ (3-0): Մրցումէն ետք Պարսելոնա յայտնեց, որ «Լա լիկա»-ին պաշտօնապէս պիտի բողոքէ Խոսէ Սորիլիա մարզադաշտ խոտածածկին սարսափելի վիճակին գծով:...

Քալչիօ. Եուվենթուսի Երկրորդ Յաղթանակը. Ռոնալտօ` Էսիսթի Հեղինակ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Եուվենթուս արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Լացիօ Ռոմային: Միրալեմ Փժանիչ (30-րդ) եւ Մարիօ Մանծուքիչ (75-րդ) նշանակեցին Եուվէի երկու կոլերը: Թէեւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այս մրցումին կոլ չնշանակեց, բայց կատարեց երկրորդ կոլին էսիսթը: Ան ամբողջ 90 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին: Այլ մրցումի մը, Ա. Սէ....

Արսեն Վենկեր Պարգեւատրուեցաւ Լիպերիոյ Բարձրագոյն Շքանշանով

Լիպերիոյ նախագահ, «Ոսկեայ գնդակ-1995»-ի դափնեկիր Ժորժ Ուէա, լոնտոնեան Արսենալի անուանի մարզիչ Արսեն Վենկերը պարգեւատրեց այդ երկրի բարձրագոյն շքանշանով: Մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին, որուն ընթացքին կը նշուէր Լիպերիոյ անկախութեան տօնը, Վենկերի նման շքանշան ստացաւ նաեւ ֆրանսացի Քլոտ լը Փուեն: Այս պարգեւատրումը կատարելով Ժորժ Ուէա շնորհակալութիւն յայտնեց իր նախկին երկու մարզիչներուն, որոնք իրեն համար ճամբայ բացին դէպի եւրոպական ֆութպոլ: Արսենալէն...

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին յաջորդական երկու պարտութիւններ կրելէ ետք, լոնտոնեան Արսենալը, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ուեսթ Համը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 29 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան: Անոր հետ իր առաջին յաղթանակը տօնեց նաեւ ակումբի սպանացի մարզիչ Ունայ Էմերի:...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմենի Երրորդ Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Անժէն: Էտինսոն Քաւանի (12-րդ), Քիլիան Մպափէ (51-րդ) եւ Նէյմար (66-րդ) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին կոլերը: Փարիզ Սեն Ժերմենէն ետք Տիժոն կը հանդիսանայ երկրորդ խումբը, որ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտերը:  

43 Տարեկան Չուսովիթինա Մտադիր Է Մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ի Ողիմպիականին

Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցած Ասիական խաղերուն արծաթէ մետալի տիրացած 43 տարեկան ուզպեք մարզիկ Օքսանա Չուսովիթինա մտադիր է մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն: Եթէ ասիկա տեղի ունենայ, ապա ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մասնակցած պիտի ըլլայ 8-րդ ողիմպիական խաղերուն: Ատկէ բացի, ան պիտի հանդիսանայ ողիմպիականի վերջին հարիւր տարիներուն ամէնէն տարիքոտ մարզիկը: Ան ողիմպիական խաղերուն տիրացած է 2 մետալի (1 ոսկի եւ...

Թենիս. Կատարուեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը

27 օգոստոսէն 9 սեպտեմբեր տեղի պիտի ունենայ տարեշրջանի թենիսի վերջին կրան շլեմի «Եու. Էս. Օփըն»-ի բաց մրցաշարքը: Ըստ կազմակերպիչներուն կողմէ կատարուած վիճակաձգութեան, «Եու. Էս. Օփըն»-ի գործող ախոյեան եւ աշխարհի տղոց դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ Ա. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ իր ազգակիցը` Տաւիտ Ֆերերը: Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր իր դէմ պիտի ունենայ ճափոնցի Եուշիհիքօ Նիշիոքին, մինչ...

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ֆութպոլի Ակադեմիային Մէկ Պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Մէջ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ֆութպոլի Ակադեմիային Մէկ Պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Մէջ

Այս շաբաթասկիզբին Հայաստան մեկնեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ֆութպոլի ակադեմիային մէկ պատուիրակութիւնը` մօտէն ծանօթանալու համար մայր հայրենիքին եւ հոն կատարելու ֆութպոլի բարեկամական փորձ-մրցումներ: Հայաստան մեկնեցան ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի յանձնախումբէն անդամներ, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստներէն մաս մը` ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն: Հայաստան իրենց ժամանումին առաջին օրը անոնք այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերուն յիշատակին: Ապա անոնք այցելեցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ....

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Էլի Սթեֆան Միացաւ ՀՄԸՄ-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեան ՀՄԸՄ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ զօրացնելու համար իր կազմը եւ պաշտպանելու իր տիտղոսը, իր շարքերուն միացուց լիբանանցի այլ փորձառու մարզիկ մը` Էլի Սթեֆանը (Պիպլոսէն): Այլ գետնի վրայ, նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Աթլաս Ֆըրզոլ իր կազմին միացուց Թէյլըր Պրաունը: Աթլաս Ֆըրզոլի մարզիչն է Ռիատի աղջկանց խումբի նախկին մարզիչ Էլի Նասըր:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Եուվենթուս – Լացիօ Ռոմա

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք հետաքրքրական մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ Եուվենթուս - Լացիօ Ռոմա հանդիպումը: Նշենք, որ «Պունտըսլիկա»-ի բացման մրցումին, երէկ գիշեր ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Հոֆընհայմին: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՆԳԼԻԱ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Վուլվզ - Մանչեսթըր Սիթի 14:30 Պուրնըմաութ - Էվըրթըն 17:00 Արսենալ - Ուեսթ Համ 17:00 Հատըրսֆիլտ - Քարտիֆ...

Page 799 of 1278 1 … 798 799 800 … 1,278

Արխիւներ