Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Ռաֆայէլ Յակոբեան (56 քկ), Բենիկ Նիկողոսեան (64 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (75 քկ) չկրցան յաղթահարել այս ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի արգելքը եւ լքեցին պայքարը:
Կիսաւարտական հանգրուան հասնելու պարագային անոնք նուազագոյնը պիտի ապահովէին պրոնզէ մետալ:
Հայաստանի կազմին հետ Պուտափեշթ մեկնած էին նաեւ Սէյրան Եղիկեան (49 քկ) եւ Արթուր Բազէեան (52 քկ), որոնք սկսած էին պարտութեամբ եւ չէին կրցած պայքարը շարունակել:
Հայաստանի կռփամարտիկները առաջին անգամ ըլլալով 7 մարզիկով իրաւունք ստացած էին մասնակցելու այս ախոյեանութեան, բայց անոնցմէ երկուքը վնասուածքի պատճառով չէին կրցած մեկնիլ Հունգարիա:



