Այս շաբաթասկիզբին Հայաստան մեկնեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ֆութպոլի ակադեմիային մէկ պատուիրակութիւնը` մօտէն ծանօթանալու համար մայր հայրենիքին եւ հոն կատարելու ֆութպոլի բարեկամական փորձ-մրցումներ:
Հայաստան մեկնեցան ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի յանձնախումբէն անդամներ, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստներէն մաս մը` ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն:
Հայաստան իրենց ժամանումին առաջին օրը անոնք այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերուն յիշատակին: Ապա անոնք այցելեցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին:
Խումբը ցարդ կատարած է ֆութպոլի բարեկամական երկու փորձ-մրցում եւ արձանագրած երկու յաղթանակ: