Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) հոկտեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:
29 տարեկան Յարութիւնեան, որ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ, յայտնեց, որ այս տարուան իր յայտագիրը պէտք եղածէն աւելի ծանրաբեռնուած է եւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ աշխարհի ախոյեանութեան:
Սակայն 2019-ի սկիզբը ան մրցասպարէզ դուրս պիտի գայ` նկատի ունենալով, որ ողիմպիական խաղերուն վարկանշային մրցաշարքերը պիտի սկսին: