Լիպերիոյ նախագահ, «Ոսկեայ գնդակ-1995»-ի դափնեկիր Ժորժ Ուէա, լոնտոնեան Արսենալի անուանի մարզիչ Արսեն Վենկերը պարգեւատրեց այդ երկրի բարձրագոյն շքանշանով:
Մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին, որուն ընթացքին կը նշուէր Լիպերիոյ անկախութեան տօնը, Վենկերի նման շքանշան ստացաւ նաեւ ֆրանսացի Քլոտ լը Փուեն:
Այս պարգեւատրումը կատարելով Ժորժ Ուէա շնորհակալութիւն յայտնեց իր նախկին երկու մարզիչներուն, որոնք իրեն համար ճամբայ բացին դէպի եւրոպական ֆութպոլ:
Արսենալէն բացի Ուէա մաս կազմած է նաեւ Մոնաքոյին, Փարիզ Սեն Ժերմենին, Ա. Սէ. Միլանին եւ այլ ակումբներու: