Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին յաջորդական երկու պարտութիւններ կրելէ ետք, լոնտոնեան Արսենալը, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ուեսթ Համը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 29 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան:
Անոր հետ իր առաջին յաղթանակը տօնեց նաեւ ակումբի սպանացի մարզիչ Ունայ Էմերի:
Արսենալի կոլերը նշանակեցին Նաչօ Մոնրէալ (30-րդ), Իսսա Տիոփ (70-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Տենի Ուելպեք (92-րդ):
Շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը` Լիվըրփուլ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Պրայթընը: Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի եւ մրցումին միակ կոլը (23-րդ):
Գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վուլվզի դաշտին վրայ: