Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վարտար Տիգրան Բարսեղեանի նշանակած կոլին շնորհիւ նուազագոյն հաշուով յաղթեց իր հիւրին` Մակեդոնիա Ֆ. Ք.-ին: Հայաստանի ազգային հաւաքականի յառաջապահը 41-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Վարտարի կոլը: Ան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Այսպիսով, 24 տարեկան Բարսեղեան կոլի հեղինակ կը դառնայ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով:
«Թրանսֆեր-մարքեթ»-ի համաձայն, Տիգրան Բարսեղեան Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստն է: Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 750 հազար եւրոյով: