Հայաստանը ներկայացնող արհեստավարժ կռփամարտիկ Գոռ Երիցեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 21 սեպտեմբերին:
Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք արհեստավարժ կռփամարտի մէկ փառատօնին ընթացքին, 23 տարեկան Երիցեան իր դէմ պիտի ունենայ ռուս Ալեքսանտր Շարանովը, յայտնեց «Փանչ Պոքսինկ Արմինիա»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նոյն այդ փառատօնին մրցասպարէզ դուրս պիտի գայ նաեւ Արամ Աւագեան, որ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Սի.»-ի «Ինթըրնեշընըլ-սիլվըր» գօտին պիտի փորձէ պաշտպանել ռուս Եւգենի Սմիրնովի դէմ իր կատարելիք ճակատումին ընթացքին: