Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրի գործող ախոյեան Պարսելոնա, Ռէալ Վայատոլիտի դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Ուսամա Տեմպելէի նշանակած կոլին (57-րդ): Էսիսթը կատարեց Սերճի Ռոպերթօ:
Այսպիսով, Պարսա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը. առաջինը` Ալաւեսին դէմ (3-0):
Մրցումէն ետք Պարսելոնա յայտնեց, որ «Լա լիկա»-ին պաշտօնապէս պիտի բողոքէ Խոսէ Սորիլիա մարզադաշտ խոտածածկին սարսափելի վիճակին գծով:
Աւելի ուշ, «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թերպես ըսաւ, թէ մարզադաշտի խոտածածկին որակը իսկապէս շատ վատ է, եւ այդ ուղղութեամբ պիտի դիմուի պէտք եղած միջոցառումներուն: