Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Փիւնիկ Երեւան, որ մրցեցաւ Արցախի դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռումեան Յովսէփեան (35-րդ` փենալթիով) եւ Էրիք Վարդանեան (58-րդ) նշանակեցին Փիւնիկի կոլերը:
Հակառակ անոր որ Փիւնիկ կատարած է երեք մրցում, սակայն ապահովելով 9 կէտ, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
2-3-րդ դիրքերը կը բաժնեն Արարատ – Արմենիա եւ Լոռի, որոնք ունին 7-ական կէտ, մինչ Ալաշկերտ 6 կէտով չորրորդն է:
Արարատ – Արմենիա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ալաշկերտին, Բանանց` Արարատին (4-2),
մինչ Գանձասար – Կապան 1-1 արդիւնքով յաղթեց Շիրակին:
Ալաշկերտի կազմին հետ իր առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան (4-րդ` փենալթիով):