Հայաստանի զօրաւորագոյն հեծելանւորդ Էտկար Ստեփանեան հանդիսացաւ հրապարակային հեծելարշաւի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան յաղթող:
Զուիցերիոյ դէմ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան կէտերու մրցումին (40 քմ, 200 շրջան) աւարտական հանգրուանին Ստեփանեան յաղթեց 98 կէտով: Երկրորդ հանդիսացաւ իտալացի Մաթէօ Տոնեկա (92 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց պելճիքացի Պրայըն Պուսայեր:
Ստեփանեան նախապէս Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան հանդիսացած էր 2015-ին` Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ: