Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Անժէն: Էտինսոն Քաւանի (12-րդ), Քիլիան Մպափէ (51-րդ) եւ Նէյմար (66-րդ) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին կոլերը:
Փարիզ Սեն Ժերմենէն ետք Տիժոն կը հանդիսանայ երկրորդ խումբը, որ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտերը: