27 օգոստոսէն 9 սեպտեմբեր տեղի պիտի ունենայ տարեշրջանի թենիսի վերջին կրան շլեմի «Եու. Էս. Օփըն»-ի բաց մրցաշարքը:
Ըստ կազմակերպիչներուն կողմէ կատարուած վիճակաձգութեան, «Եու. Էս. Օփըն»-ի գործող ախոյեան եւ աշխարհի տղոց դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ Ա. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ իր ազգակիցը` Տաւիտ Ֆերերը:
Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր իր դէմ պիտի ունենայ ճափոնցի Եուշիհիքօ Նիշիոքին, մինչ սերպ Նովաք Ճոքովիչ պիտի մրցի հունգարացի Մարթոն Ֆուչովիչի դէմ:
Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած թենիսմեն Կարէն Խաչանով պիտի մրցի սպանացի Ալպերթ Ռամոս-Վինոլասի դէմ:



