Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նախորդ շաբաթավերջին Կիրոնայի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին (4-1) ընթացքին («Լա լիկա», 2-րդ հանգրուան) յաջողեցաւ «Լա լիկա»-ի մրցանիշը կրկնել, երբ յաջորդաբար 15-րդ տարեշրջանն ըլլալով կոլ նշանակեց:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ֆեռնանտօ Հիերոյին: Սակայն Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Ռամոս իր նշանակած կոլով (փենալթիով) յաջողեցաւ հաստատուած այդ մրցանիշին հաւասարիլ:
«Մունտօ-Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Սերճիօ Ռամոս անպայման յառաջիկայ տարեշրջանին ինք պիտի ըլլայ նոր մրցանշակիրը` կոլ մը նշանակելով: