Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Տիրապետեցին Ռաս Մեթնի Կազմակերպած Մրցաշարքին
Ռաս Մեթնի կողմէ կազմակերպուած ամառնային փառատօնի ծիրին մէջ կատարուեցան նաեւ փինկ փոնկի մրցումներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 102 երկսեռ մարզիկներ` մասնակցելով տարբեր դասակարգերու մրցումներուն: Փինկ փոնկի այս մրցումներուն տիրական ներկայութիւն եղան ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, որոնք տիրացան 4 առաջնութեան, 4 երկրորդութեան եւ մէկ երրորդութեան: Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ձեռք ձգած արդիւնքները. 15 Տարեկանէն Վար Տղաք. 1.- Արտակ Ասատուրեան, 2.- Միսաք Պարսումեան, 3.- Գէորգ...



