Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Եուվենթուս արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Լացիօ Ռոմային:
Միրալեմ Փժանիչ (30-րդ) եւ Մարիօ Մանծուքիչ (75-րդ) նշանակեցին Եուվէի երկու կոլերը:
Թէեւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այս մրցումին կոլ չնշանակեց, բայց կատարեց երկրորդ կոլին էսիսթը: Ան ամբողջ 90 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին:
Այլ մրցումի մը, Ա. Սէ. Միլան, որ հիւրը եղաւ Նափոլիին, չկրցաւ իր ունեցած երկու կոլի առաւելութիւնը պահել եւ պարտուեցաւ 3-2 արդիւնքով:
Ա. Սէ. Միլան մինչեւ 53-րդ վայրկեանը կը յառաջանար 2-0 արդիւնքով:
Ա. Սէ. Միլանի նորեկ մարզիկ Կոնզալօ Հիկուային կատարեց իր առաջին մրցումը` դաշտ ներկայանալով ամբողջ 90 վայրկեան: