Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Այս Մրցաշարքին Կէսէն Ետք Պիտի Կիրարկուի «Վար» Համակարգը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ընթացիկ այս տարեշրջանին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կէսէն ետք (քառորդ աւարտական) պիտի կիրարկուի կրկնապատկերի իրաւարարական համակարգը («վիտէօ-էսիսթընթ Ռեֆըրի», «ՎԱՐ»): Այս որոշումը ընդունուեցաւ Տապլինի (Իրլանտա) մէջ տեղի ունեցած «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէի նիստին ընթացքին: «Վստահ ենք, որ համակարգը օգտակար կը դառնայ, որովհետեւ անիկա մեծապէս պիտի օգնէ մեր պաշտօնեաներուն եւ թոյլ պիտի տայ...

Տիեկօ Քոսթա Վիրաբուժութեան Պիտի Ենթարկուի

Աթլեթիքօ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա ստիպուած պիտի ըլլայ շուտով վիրաբուժութեան ենթարկուելու, յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր ձախ ոտքը վնասուածք ստացաւ փորձերու ընթացքին: Վիրաբուժութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ` Աթլեթիքոյի բժիշկներուն վերահսկողութեամբ: Ապաքինման եւ խաղադաշտ վերադառնալու ժամկէտին մասին ցարդ ոչինչ կը նշուի: Այս տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ 15 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ եւ 2 էսիսթ:

«Էն. Պի. Էյ.».  Ուորիըրզ, Քաւալիրզ Եւ Վուլվզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ, Քաւալիրզ Եւ Վուլվզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ տպաւորիչ յաղթանակով մը` 128-111 արդիւնքով հեռացաւ Աթլանթա Հոքսի դաշտէն: Սթեֆըն Քերի Նախապէս վիրաւոր Սթեֆըն Քերի, որ միացաւ Ուորիըրզի իր խմբակիցներուն, այս մրցումին նշանակեց 30 կէտ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ 2 կէտի տարբերութեամբ միայն` 99-97 արդիւնքով, յաղթական վերադարձաւ Պրուքլին Նեթցի դաշտէն: Այս վերջինէն Տ՛անճելօ Ռասըլ նշանակեց 30 կէտ: Մինեսոթա...

Լիկ-1. Փարիզ Սեն Ժերմենի Յաղթարշաւը Ընդհատուեցաւ Պորտոյի Մէջ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն բաւական մօտ էր իր 15-րդ յաղթանակը արձանագրելուն, սակայն անիկա արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, երբ Պորտոյի դաշտին վրայ հիւրընկալ կազմը 84-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը: Մայրաքաղաքի կազմին կոլերը նշանակեցին Նէյմար (34-րդ) եւ Քիլիան Մպափէ (66-րդ): Փարիզ Սեն Ժերմեն այժմ 43 կէտով առաջին է, մինչ Պորտօ 11-րդ` 18...

Նէյմար 2 Մրցումով Պիտի Բացակայի Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, վնասուածքի պատճառով պիտի չմասնակցի Սթրազպուրկի եւ Մոնփելիէի դէմ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») յառաջիկայ 2 մրցումներուն, յայտնեց «Լ՛Էքիփ»: 26 տարեկան Նէյմար նախորդ շաբաթավերջին Պորտոյի դէմ կատարուած մրցումին ստացաւ վնասուածք մը, որ կապ ունի անոր նախորդ վնասուածքին հետ: Անոր ակումբը պիտի հանգստացնէ իր մարզիկը, որպէսզի ան լաւապէս ապաքինելով մասնակցի «Կարմիր աստղ» Պելկրատի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Փինկ Փոնկի Մրցումներուն Մասնակցեցան 42 Երկսեռ Աշակերտներ

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Փինկ Փոնկի Մրցումներուն Մասնակցեցան 42 Երկսեռ Աշակերտներ

Կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»   մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած` փինկ փոնկի 2018 - 2019 տարեշրջանի մրցաշարքը, մասնակցութեամբ 42 երկսեռ աշակերտներու, որոնք կը ներկայացնէին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը եւ Մխիթարեան վարժարանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք մանրամասն արդիւնքները....

Պասքեթպոլ. Լուէյզիի Մրցաշարք.  Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին Երրորդ Յաղթանակը

Պասքեթպոլ. Լուէյզիի Մրցաշարք. Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին Երրորդ Յաղթանակը

Կազմակերպութեամբ Լուէյզի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող պասքեթպոլի մրցաշարքին բացառիկ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը: Նախորդ շաբաթավերջին Հարպոյեանի տղոց կազմը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 58-31 արդիւնքով պարտութեան մատնելով «Ճիզըս Էնտ Մէյրի» դպրոցին կազմը: Խումբը կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն. Մարք Վարդանեան, Արեգ Չաղլասեան, Կարէն Քէշիշեան, Հրանդ Հայրապետեան, Վարանդ Պաքժաժի,...

Եւրօ-2020-ի Վիճակաձգութիւն. Հայաստանի Մրցակիցները` Իտալիա, Պոսնիա, Ֆինլանտա, Յունաստան Եւ Լիխթնշթայն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց վերջին` Ժ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իտալիան, Պոսնիան, Ֆինլանտան, Յունաստանը եւ Լիխթնշթայնը: Զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան 21 մարտ 2019-էն 31 մարտ 2020: Աւարտական հանգրուաններու իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը: Աւարտականի այս ճակատումները առաջին անգամ ըլլալով տեղի...

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2018 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2018 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

«Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը կատարեց 2018 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն երկսեռ մարզիկներուն, որոնք Լիբանանի ախոյեանութիւններուն ընթացքին արձանագրած էին տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքներ: Մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան խօսք առնելով` Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: Ան մաղթեց, որ 2019-ին նորանոր յաջողութիւններ ձեռք ձգեն նաեւ...

ՖԻՏԷ. Արոնեան Վերադարձաւ Լաւագոյն Տասնեակ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց դեկտեմբեր ամսուան միջազգային դասաւորումը, որ պիտի ըլլայ 2018-ի վերջինը: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մէկ դիրքի ոստում արձանագրելով 11-րդ դիրքէն բարձրացաւ 10-րդ դիրք` ունենալով 2765 վարկանշային կէտ: Աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն մնաց առաջին` միայն 3 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն, որ աշխարհի տիտղոսին տիրանալու իր պայքարին մէջ չկրցաւ յաղթել Քարլսընին:

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի 14-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 14-րդ յաղթանակը` 120-96 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ֆէոնիքս Սանզը: Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը` Քլիփըրզ, 114-110 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Տալաս Մավըրիքսի դաշտէն: Նիւ Օրլինզ 119-109 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շարլոթ Հոռնեթցի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 36 կէտ: Սան Անթոնիօ Սփըրզ եղաւ...

Ափրիկեան Բաժակի 2019-ի Մրցաշարք. Քամերուն Զրկուեցաւ Աւարտական Մրցումները Հիւրընկալելէ

Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Քամերուն զրկուեցաւ 2019-ի Ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումները հիւրընկալելէ` նկատի ունենալով, որ անոր երկու մարզադաշտերը ցարդ պատրաստ չեն, երկրին տարածքին կը տիրէ անապահով վիճակ մը, եւ տեղի կ՛ունենան բռնութիւններ ու վայրագութիւններ: Մինչեւ այս ամսուան աւարտը, ֆետերասիոնը պիտի ընդունի թեկնածուներուն անունները, որոնք հետաքրքրուած են այս մրցաշարքը հիւրընկալելով: Գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի Մարոքը: Մրցաշարքը...

Թոմաս Պախ. «Մեր Բոլոր Ջանքերը Կը Թափենք, Որպէսզի Կռփամարտը Մնայ Ողիմպիական Խաղերուն Մէջ»

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի եւ բոլոր ջանքերը կը թափուին, որպէսզի կռփամարտը Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերէն դուրս չդրուի: «Մենք կ՛ուզենք, որ այս մարզաձեւը եւս ներկայ ըլլայ ողիմպիականի խաղերուն մէջ, թէեւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր յանձնախումբի վերջին նիստին այս մարզաձեւը դուրս ձգելու մտադրութիւն մը կար», ըսաւ Պախ:

Լուքա Մոտրիչ` «Ոսկիէ Գնդակ»-ին Առաջին Խրուաթ Դափնեկիրը

«Ֆրանս ֆութպոլ» պարբերաթերթին «ոսկիէ գնդակ»-ին մրցանակը առաջին անգամ ստացաւ խրուաթ ֆութպոլիստ մը: Արդարեւ, 2018-ի աշխարհի լաւագոյն խաղացող ճանչցուեցաւ աշխարհի փոխախոյեան, Խրուաթիոյ ազգային խումբի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի բաժակակիր Ռէալ Մատրիտի միջնապահը` Լուքա Մոտրիչ: 12 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի չէր ընդգրկուած լաւագոյն եռեակին մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով «ոսկիէ գնդակ»-ը սահմանուեցաւ կին ֆութպոլիստի համար, որ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Ահլի Նապաթիէ` 4-5

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ահլի Նապաթիէն, 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Ա. կիսախաղը աւարտած էր ՀՄԸՄ-ի գերակայութեամբ (3-1): ՀՄԸՄ-ի կոլերը յաջորդաբար նշանակեցին Խալետ Ըպրիք, Սեմի Պիայ եւ Դաւիթ Ղանդիլեան: Նշենք, որ երրորդ կոլը նշանակեց Նապաթիէէն մարզիկ մը` սխալմամբ իր բերդին մէջ: Ստորեւ...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Չինաստան – Լիբանան` 72-52

Աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ հիւրը եղաւ Չինաստանի, 20 կէտի տարբերութեամբ` 72-52 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը Լիբանանի համար եղաւ յաջորդական երրորդ պարտութիւնը, Նոր Զելանտայէն եւ Հարաւային Քորէայէն կրած պարտութիւններէն ետք: Չինաստան միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 29-րդ դիրքը (Ասիա` 3-րդ), իսկ Լիբանան`...

Հեծելարշաւ. Լիբանան Առաջին` Արաբական Երկիրներու Դասաւորման Մէջ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիբանան գրաւեց արաբական լեռնային դասաւորման առաջին դիրքը (Ասիոյ մէջ 6-րդ եւ աշխարհի դասաւորման մէջ 53-րդ)` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 263 կէտ, նոյեմբեր ամսուան ընթացքին կազմակերպուած ախոյեանութիւններէն եւ մրցաշարքերէն ետք: Բնականաբար այս իրագործումին մէջ իր մեծ եւ կարեւոր դերը ունի Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, որ բծախնդիր աշխատանք կը տանի իր կողմէ կազմակերպուած բոլոր ախոյեանութիւններն...

Ֆութսալ. Մըշաալ Պաատնայել – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 5-4

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ Սատի դաշտին վրայ մրցեցաւ Մըշաալ Պաատնայելի դէմ, կրեց 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը: Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը յառաջանային 3-0 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սիւրմելեան (2 կոլ), Երուանդ Մանասերեան եւ Խաչիկ Սերոբեան: Շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Էմիլ...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Փինկ Փոնկի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 42 Երկսեռ Աշակերտներ

Երէկ` կիրակի, 2 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած փինկ փոնկի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 42 երկսեռ աշակերտներու: Մանրամասնութիւնները` վաղուան մարզական էջով:

Դահուկարշաւ. Միքայէլ Միքայէլեան Ոսկի Մետալի Մը Տիրացաւ Ֆինլանտայի Մէջ

Հայաստանի դահուկարշաւի ազգային հաւաքականի անդամ Միքայէլ Միքայէլեան ոսկի մետալի մը տիրացաւ Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին: 19 տարեկան Միքայէլեան 15 քմ ազատ ոճի մրցումներուն 7 երկիրներու 80 մարզիկներու հետ իր մղած պայքարին 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ գրաւեց առաջին դիրքը` ապահովելով 70,94 վարկանշային կէտ:    

Page 762 of 1278 1 … 761 762 763 … 1,278

Արխիւներ