Կազմակերպութեամբ Լուէյզի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող պասքեթպոլի մրցաշարքին բացառիկ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը:
Նախորդ շաբաթավերջին Հարպոյեանի տղոց կազմը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 58-31 արդիւնքով պարտութեան մատնելով «Ճիզըս Էնտ Մէյրի» դպրոցին կազմը:
Խումբը կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն.
Մարք Վարդանեան, Արեգ Չաղլասեան, Կարէն Քէշիշեան, Հրանդ Հայրապետեան, Վարանդ Պաքժաժի, Նազարէթ Տէր Դաւիթեան, Էլիօ Մահրուք, Ներսիկ Թոփելեան, Յակոբ Աքուշեան, Աւետիս Գարավակիւրեան, Ատոլֆ Լթէյֆ եւ Ալեքս Պալթարեան:
Խումբին մարզիչն է Միքայէլ Միքայէլեան, անոր օգնականը` Կրեկ Ֆրենկիչեան, իսկ վարժարանի մարզական բաժանմունքին ընդհանուր պատասխանատուն` Էտտի Նալպանտեան: