Աթլեթիքօ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա ստիպուած պիտի ըլլայ շուտով վիրաբուժութեան ենթարկուելու, յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր ձախ ոտքը վնասուածք ստացաւ փորձերու ընթացքին:
Վիրաբուժութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ` Աթլեթիքոյի բժիշկներուն վերահսկողութեամբ: Ապաքինման եւ խաղադաշտ վերադառնալու ժամկէտին մասին ցարդ ոչինչ կը նշուի:
Այս տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ 15 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ եւ 2 էսիսթ:



