Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ Սատի դաշտին վրայ մրցեցաւ Մըշաալ Պաատնայելի դէմ, կրեց 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը յառաջանային 3-0 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սիւրմելեան (2 կոլ), Երուանդ Մանասերեան եւ Խաչիկ Սերոբեան:
Շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ժամհուրի դէմ:



