Հայաստանի դահուկարշաւի ազգային հաւաքականի անդամ Միքայէլ Միքայէլեան ոսկի մետալի մը տիրացաւ Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին:
19 տարեկան Միքայէլեան 15 քմ ազատ ոճի մրցումներուն 7 երկիրներու 80 մարզիկներու հետ իր մղած պայքարին 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ գրաւեց առաջին դիրքը` ապահովելով 70,94 վարկանշային կէտ:



