«Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը կատարեց 2018 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն երկսեռ մարզիկներուն, որոնք Լիբանանի ախոյեանութիւններուն ընթացքին արձանագրած էին տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքներ:
Մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան խօսք առնելով` Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:
Ան մաղթեց, որ 2019-ին նորանոր յաջողութիւններ ձեռք ձգեն նաեւ այլ մարզիկներ:




