«Ֆրանս ֆութպոլ» պարբերաթերթին «ոսկիէ գնդակ»-ին մրցանակը առաջին անգամ ստացաւ խրուաթ ֆութպոլիստ մը:
Արդարեւ, 2018-ի աշխարհի լաւագոյն խաղացող ճանչցուեցաւ աշխարհի փոխախոյեան, Խրուաթիոյ ազգային խումբի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի բաժակակիր Ռէալ Մատրիտի միջնապահը` Լուքա Մոտրիչ:
12 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի չէր ընդգրկուած լաւագոյն եռեակին մէջ:
Առաջին անգամ ըլլալով «ոսկիէ գնդակ»-ը սահմանուեցաւ կին ֆութպոլիստի համար, որ հանդիսացաւ ֆրանսական Լիոնի 23 տարեկան նորվեկիացի մարզիկ Ատա Հեկենպըրկ:



