«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 14-րդ յաղթանակը` 120-96 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ֆէոնիքս Սանզը:
Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը` Քլիփըրզ, 114-110 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Տալաս Մավըրիքսի դաշտէն:
Նիւ Օրլինզ 119-109 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շարլոթ Հոռնեթցի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 36 կէտ:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ եղաւ մեծագոյն յաղթականը` 131-118 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:
Տեմար Տերոզան (Սփըրզ) նշանակեց 36 կէտ, մինչ Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ)` 37 կէտ:



