Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, վնասուածքի պատճառով պիտի չմասնակցի Սթրազպուրկի եւ Մոնփելիէի դէմ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») յառաջիկայ 2 մրցումներուն, յայտնեց «Լ՛Էքիփ»:
26 տարեկան Նէյմար նախորդ շաբաթավերջին Պորտոյի դէմ կատարուած մրցումին ստացաւ վնասուածք մը, որ կապ ունի անոր նախորդ վնասուածքին հետ:
Անոր ակումբը պիտի հանգստացնէ իր մարզիկը, որպէսզի ան լաւապէս ապաքինելով մասնակցի «Կարմիր աստղ» Պելկրատի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին (11 դեկտեմբեր):



