Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Քամերուն զրկուեցաւ 2019-ի Ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումները հիւրընկալելէ` նկատի ունենալով, որ անոր երկու մարզադաշտերը ցարդ պատրաստ չեն, երկրին տարածքին կը տիրէ անապահով վիճակ մը, եւ տեղի կ՛ունենան բռնութիւններ ու վայրագութիւններ:
Մինչեւ այս ամսուան աւարտը, ֆետերասիոնը պիտի ընդունի թեկնածուներուն անունները, որոնք հետաքրքրուած են այս մրցաշարքը հիւրընկալելով:
Գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի Մարոքը:
Մրցաշարքը նախատեսուած է կայացնել 2019-ին` 15 յունիսէն 13 յուլիս:
Գործող ախոյեանը Քամերունն է:



