Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն բաւական մօտ էր իր 15-րդ յաղթանակը արձանագրելուն, սակայն անիկա արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, երբ Պորտոյի դաշտին վրայ հիւրընկալ կազմը 84-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Մայրաքաղաքի կազմին կոլերը նշանակեցին Նէյմար (34-րդ) եւ Քիլիան Մպափէ (66-րդ):
Փարիզ Սեն Ժերմեն այժմ 43 կէտով առաջին է, մինչ Պորտօ 11-րդ` 18 կէտով:



