Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց դեկտեմբեր ամսուան միջազգային դասաւորումը, որ պիտի ըլլայ 2018-ի վերջինը:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մէկ դիրքի ոստում արձանագրելով 11-րդ դիրքէն բարձրացաւ 10-րդ դիրք` ունենալով 2765 վարկանշային կէտ:
Աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն մնաց առաջին` միայն 3 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն, որ աշխարհի տիտղոսին տիրանալու իր պայքարին մէջ չկրցաւ յաղթել Քարլսընին:



