Մարզական

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալեց Եւրոպայի Ախոյեան Գէորգ Աֆրիկեանը

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց ուժային եռամարտի Եւրոպայի բաց ախոյեանութեան, փարալիմփիքի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Գէորգ Աֆրիկեանը եւ անոր մարզիչը` Գաւառի մարզադպրոցի տնօրէն Դաւիթ Ասոյեանը, տեղեկացուց նախագահական պալատին պաշտօնական կայքը: Նախորդ նոյեմբերին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան առաջին միջազգային մրցաշարքին մասնակցած էր նաեւ շարժողական խնդիրներ ունեցող Գէորգ Աֆրիկեանը: Մրցաշարքին մասնակցելու համար Աֆրիկեանին անհրաժեշտ էր նիւթական աջակցութիւն, որ տրամադրուած էր նախագահ...

«Պունտըսլիկա». Լիւսիեն Ֆաւրի Նոր Մրցանիշը` Տորթմունտի Հետ

61 տարեկան զուիցերիացի Լիւսիեն Ֆաւրը հանդիսացաւ Պորուսիա Տորթմունտի պատմութեան մէջ առաջին գլխաւոր մարզիչը, որուն ղեկավարութեամբ խումբը Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի առաջին 13 հանգրուանի մրցումներուն պարտութիւն չէ կրած: Տորթմունտ ցարդ արձանագրած է 10 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն: Անոր կազմը նախորդ շաբաթավերջին 13-րդ հանգրուանին 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆրայպուրկին, ապահովեց տարեշրջանի իր 33-րդ կէտը եւ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:  

«Քալչիօ». Ռոնալտօ Կրկնեց Եուվենթուսի 61 Տարուան Մրցանիշը

Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 14-րդ հանգրուանին, Ֆիորենթինայի բերդին մէջ իր նշանակած կոլին շնորհիւ կրկնեց ակումբին պատմութեան 61 տարի առաջուան մրցանիշը: Ան այսպիսով հանդիսացաւ Եուվենթուսի պատմութեան երկրորդ նորեկը, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին 14 մրցումներուն կը նշանակէ 10 կոլ: 1957-1958 տարեշրջանին այդ իրագործումը կատարած էր Ճոն Չարլզ: 33 տարեկան Ռոնալտօ այս մրցումին 79-րդ վայրկեանին նշանակեց իր...

Վաղը` Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերին. Թենի Հաննա Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

«Ֆեռարի-Չելընճ-2018»-ի, Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ ախոյեան հանդիսացած լիբանանցի Թենի Հաննա վաղը` երեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան պիտի անդրադառնայ այս ախոյեանութեան ընթացքին իր ձեռք ձգած յաջողութեան` նշելով, թէ ինչպէ՞ս մուտք գործեց ինքնաշարժներու այս աշխարհին մէջ եւ թէ ի՞նչ են իր ապագայի ծրագիրները եւ իրականացնելիք երազներն ու նպատակները:  

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պարսելոնա արձանագրեց տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը եւ 28-րդ կէտը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Վիարէալը: Ժերար Փիքէ եւ Քարլես Ալենա նշանակեցին Պարսայի 2 անպատասխան կոլերը: Լիոնել Մեսսի կատարեց երկրորդ կոլին էսիսթը: Նոյն արդիւնքով, Ռէալ Մատրիտ յաղթեց եւ ապահովեց տարեշրջանի իր 23-րդ կէտը` պարտութեան մատնելէ ետք Վալենսիան: Տանիել Ուաս (սխալմամբ` իր բերդին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ահլի Նապաթիէ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 2 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ կը մրցի Ահլի Նապաթիէի դէմ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ մը արձանագրել, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ տեղի ունեցաւ Էներժի - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը` Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ: Այս մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով: Ան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 76-22 արդիւնքով (18-4, 22-4, 22-4 եւ 14-10): ՀՄԸՄ-էն 15-ական կէտ նշանակեցին Մեղրի Թորոսեան եւ Ազիա Պիշոփ, իսկ 13 կէտ նշանակեց Շիրին Շերիֆ: Մնացեալ...

ՀՄԸՄ-«ԼԵՎԱՄ».  Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին` Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին` Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «ԼԵՎԱՄ»-ի յանձնախումբը կազմակերպած է փինկ փոնկի մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 2 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ: Այս մրցաշարքին մասնակցող աշակերտները պարտին համալիրին մէջ գտնուիլ յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին` ստուգումի համար: Մրցաշարքը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին եւ պիտի աւարտի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: Իւրաքանչիւր տարիքային դասաւորման մէջ մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 4...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Մաշաալ Պըտնայել – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 2 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ Սատի դաշտին վրայ կը մրցի Մաշաալ Պըտնայելի դէմ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Արտակարգ Նիստ. Անսարի Նախագահ Նեպիլ Պատըր 2 Ամիսով Կախակայուեցաւ

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Վերտանի շրջանին մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան: Նիստէն բացակայեցան Ահմետ Քամարէտտին եւ Մազեն Քուպէյսի, ինչպէս նաեւ` Սըմաան Տուէյհի (ճամբորդած): Ժողովականները խստիւ քննադատեցին հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին դիմաց կատարուած ոչ օրինական ցոյցը` նկատի ունենալով, որ որդեգրուած այս ձեւը կը տանի յաւելեալ խնդիրներու եւ նոյնիսկ բախումի` ցուցարարներուն եւ...

Պասքեթպոլ. Անթուան Ղըրայեպի Անուան 6-րդ Մրցաշարքը Հասաւ Իր Աւարտին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած Անթուան Ղըրայեպի անուան պասքեթպոլի 2018-ի տարիքային 6-րդ մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան աւարտական մրցումները: Ժըտէյտէ - Պաուշրիէ - Սատ քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ Միշել Մըրի անուան մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 48 խումբեր: 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, աւարտականին Ռիատի Պէյրութ յաղթեց Պրէյզըրզին (36-26),...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.

- Այսօր` Ռէալ Մատրիտ - Վալենսիա - Վաղը` Լոնտոն Եւ Լիվըրփուլ Քաղաքներու Տերպիները Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, հետաքրքրական եւ տաք ճակատումները բնականաբար պիտի գրաւեն լուսարձակները: Այսօր, բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը: Վաղը Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան տերպիի երկու մրցումներ: Լոնտոնեան տերպիին, Արսենալ կը հիւրընկալէ Թոթենհամը, իսկ...

Ճատրակ. Կարէն Մովսիսեան` Վեթերաններու Աշխարհի Ախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան հռչակուեցաւ ճատրակի վեթերաններու աշխարհի ախոյեան: Սլովենիոյ մէջ աւարտած այս ախոյեանութիւնը ընթացաւ տարիքային երկու դասակարգերով, 50 տարեկանէն վեր եւ 65 տարեկանէն վեր: 50 տարեկանէն վեր դասակարգին մէջ Կարէն Մովսիսեան առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 8,5 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Վրաստանը ներկայացնող հայազգի վեթերան Գէորգի Բագատուրով, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:  

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան 7 Մետալի Տիրացաւ Մոսկուայի Մէջ

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի ներկայացուցիչներ Արթուր Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան յաջող ելոյթներ ունեցան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին ընթացքին: Արթուր Թովմասեան օղակներու մրցումին գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Արթուր Դաւթեան յաջողեցաւ տիրանալ եօթը մետալի: Ազատ վարժութեան, նժոյգի, յենացատկի եւ զոյգ-փայտի մրցումներուն ան տիրացաւ ոսկի մետալներու, բազմամարտի եւ օղակներու մէջ` արծաթ մետալներու, իսկ պտտաձողի մրցումին` պրոնզ մետալի: Երկու մարզիկները վերջերս իրենց մասնակցութիւնը...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Արթուր Միրանեանի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին յառաջապահ Արթուր Միրանեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ: 22 տարեկան Միրանեան շուրջ մէկ ամիս առաջ միացած էր Փիւնիկին, սակայն առանց պայմանագրութիւն ստորագրելու: Միրանեան նախապէս մաս կազմած է մակեդոնական Վարտարին եւ Ուքրանիոյ ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականին, ինչպէս նաեւ Շախտիոր Տոնեցքի (Ուքրանիա) սան եղած...

«Էն. Պի. Էյ.». Քեւին Տիւրանթի 51 Կէտը Յաղթանակ Չկրցաւ Ապահովել Ուորիըրզին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ: Թորոնթօ Ռեփըրզը, որ հիւրընկալեց գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 131-128 արդիւնքով յաղթանակ մը: Թէեւ Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 51 կէտ, սակայն ատիկա չկրցաւ յաղթանակ ապահովել անոր կազմին, որ կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը: Քաուհի Լէոնարտ (Ռեփթըրզ) նշանակեց 37 կէտ: Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 104-96 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա...

«Լիպերթատորես» Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտականի Դարձի Մրցումը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» Մարզադաշտին Վրայ

Միջազգային մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ «Լիպերթատորես» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 դեկտեմբերին, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ (Մատրիտ), ուր իրարու դէմ պիտի մրցին արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթը եւ պրազիլական Պոքա Ժունիորզը: Արքայական ակումբը` ՌԷալ Մատրիտ, Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, ՖԻՖԱ-ին եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին տուաւ իր հաւանութիւնը` հիւրընկալելու դարձի այս մրցումը: Երթին կազմերը իրարու դէմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Էներժի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 30 նոյեմբերին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը կ՛ըլլայ Էներժիի: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ցարդ իրենց կատարած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած են: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք.  Հարաւային Քորէա – Լիբանան` 84-71

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Հարաւային Քորէա – Լիբանան` 84-71

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրը եղաւ Հարաւային Քորէայի,  կրեց 84-71 արդիւնքով պարտութիւն մը: Սակայն հակառակ այս պարտութեան, Լիբանան յաջողեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալ մանաւանդ առաջին երկու քորթըրներուն, երբ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն: Լիբանանէն Աթեր Մաճոք տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 17 ռիպաունտ): Ալի Հայտար նշանակեց 19 կէտ,...

Ներկայութեամբ` Նախարար Աւետիս Կիտանեանի.  «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կատարեց 2018 Տարեշրջանի Իր Մրցանակաբաշխութիւնը

Ներկայութեամբ` Նախարար Աւետիս Կիտանեանի. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կատարեց 2018 Տարեշրջանի Իր Մրցանակաբաշխութիւնը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կատարեց 2018 տարեշրջանի բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն մրցանակաբաշխութիւնը: Երեկոյին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻԱ) նախագահ Ժան Թոտ, երեսփոխան Սեմի Ֆաթֆաթ, բարձրաստիճան զինուորականներ, յատուկ հրաւիրեալներ, մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Իր խօսքին...

Page 763 of 1278 1 … 762 763 764 … 1,278

Արխիւներ